
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի փոխնախարար Նիլ Ուոլընը, որուն ընկերակցեցաւ ամերիկեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական մարզին վերաբերող գործակցութիւնը, յատկապէս դրամատնային գործառնութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան դրամանիշը պահպանելու իմաստով որդեգրուած միջազգային չափանիշերը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ երեսփոխան Քասեմ Ապտել Ազիզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ հիւսիսային Լիբանանի եւ Պէյրութի նահանգապետի պաշտօնակատար Նասի ֆ Քալուշը եւ Պետական հաստատութիւններուն հսկող հաշուեքննիչ անձնակազմի նախագահ, դատաւոր Աունի Ռամատանը:


