Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերուն Յուշագիրին Բովանդակութիւնը Քաղաքական Է Եւ Ուղղուած Կառավարութեան Դէմ» Ընդգծեց Նախագահ Սլէյման

September 11, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման եւ Մարուան Շարպել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Ազգային լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը կը համբերեն, սակայն չեն անտեսեր, այլ ի վերջոյ իրենց հակակշիռին տակ կ՛առնեն կացութիւնը եւ ապահովական կայունութիւն կը հաստատեն:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ համայնքային լարուածութիւն հրահրող դրդապատճառներուն վերջ դրուած է:

Հանրապետութեան նախագահը մերժեց լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ տարածուած զէնքի գոյութեան գաղափարը` շեշտելով, որ պէտք է այդ հարցը լուծել ազգային երկխօսութեան ընդմէջէն եւ ապազինել այդ շրջանները:

Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ լրջօրէն  վարուին այս հարցով` աւելցնելով, որ պէտք է ներկայանալ երկխօսութեան` լուծելու համար զէնքին հարցը:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ ապահովական կառոյցները հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ցանցին տրամադրած տեղեկութիւններէն կ՛օգտուին իրենց աշխատանքին համապատասխան չափով, առանց միջամուխ ըլլալու մարդոց անձնական կեանքին:

Ան մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապը ամէնէն մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ աւարտել` աւելցնելով, որ սուրիացիները եւս պէտք է երկխօսութիւն կատարեն:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն իր ստացած յուշագիրին մասին խօսելով` նախագահ Սլէյման ըսաւ, որ անոր բովանդակութիւնը քաղաքական է եւ ուղղուած կառավարութեան դէմ, եւ նկատի ունենալով, որ քաղաքական այդ ուժերուն մէջ կայ խորհրդարանական մեծ պլոք մը, ապա անիկա կրնայ կառավարութեան վստահութիւնը վերատեսութեան ենթարկել կամ ներկայացնել այնպիսի օրինագիծեր, որոնք կը համապատասխանեն այդ յուշագիրին բովանդակութեան:

Նախագահ Սլէյման ըսաւ, որ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ կրնայ ներկայանալ հանրապետութեան նախագահին, սակայն ոչ ոք կրնայ անոր բան մը պարտադրել:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւնները եղբայրական են եւ անոնք պէտք է շարունակուին անկախութեան ու գերիշխանութեան նկատմամբ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ:

Նախկին նախարար Միշել Սըմահայի ձերբակալման թղթածրարին ակնարկելով` նախագահ Սլէյման գնահատեց ապահովութեան ուժերը, որոնք կրցած էին գրաւել ականները:

«Երկրին շահերը ապահովուած են Լիբանանի ներկայ կառավարութեամբ, որ հաւանաբար կրնայ դիմանալ մինչեւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները», ըսաւ նախագահ Սլէյման` աւելցնելով, որ վատագոյն ընտրական օրէնքն անգամ աւելի լաւ է, քան երեսփոխանական ընտրութիւններ

չկատարելու հաւանականութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ կառավարութեան ներկայացուելիք վարչական ապակեդրոնացումի ծրագիրի մշակման հոլովոյթը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժորժ Խուրին: Քննարկուեցան Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Սլէյման ստացաւ Լիբանանի մէջ Յորդանանի եւ Եգիպտոսի երկու նոր նշանակուած դեսպաններուն Զայէտ Ապտալլա Զրէյքաթի եւ Աշրաֆ Մոհամետ Սաատի հաւատարմագիրները:

 

Նախորդը

Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Հանրապետութեան Եւ Խորհրդարանի Նախագահներուն

Յաջորդը

«Սաֆարովի Գործը Կը Սպառնայ Վերջ Տալ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Տագնապի Լուծման Հոլովոյթին» Կը Գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.