Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարական Կայունութիւնը Այս Հանգրուանի Անհրաժեշտութիւններէն Է» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

September 11, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժան Ապի Ֆատել, նախարար Ժրայսաթի, վարչապետ Միքաթի եւ Հանի Սէյիտ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ սկիզբը յայտարարեց երիտասարդներուն համար աշխատանքի առաջին առիթի մը վերաբերող ծրագիրի

մը: Այս առիթով տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ան կոչ ուղղեց լիբանանցի երիտասարդներուն չյուսալքուելու, այլ պահելու Լիբանանի նկատմամբ հաւատքն ու անոր դերակատարութիւնը:

Այդ ծրագիրին սկիզբը յայտարարող մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան նաեւ աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, ծրագիրի տնօրէն Հանին Սէյիտ եւ ծրագիրի գործադրութեան պատասխանատուներէն Ժան Ապի Ֆատել:

Վարչապետարանին մէջ լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութեան հրաժարելուն մասին նախապէս իր կատարած յայտարարութիւնը սխալ կերպով մեկնաբանուած է:

«Ես հրաժարումին ակնարկելով կ՛առաջարկէի կազմել արտակարգ կառավարութիւն մը, որովհետեւ այս հանգրուանին անիշխանութիւնը Լիբանանին համար յոռեգոյն այլընտրանքն է», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի աւելցուց, որ կառավարութեան կազմութեան օրէն իսկ անոր աշխատանքին անիւներուն մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ գաւազաններ կը մխրճուին եւ կը յայտարարուի, թէ ան պիտի հրաժարի, սակայն այդ բոլոր յայտարարութիւնները սխալ են, որովհետեւ կառավարութիւնը պիտի չհրաժարի:

«Ո՞վ կրնայ ըսել, որ մեր կառավարութիւնը Սուրիոյ վարչակարգին քմահաճոյքին ենթարկուած է եւ թէ ան Հըզպալլայի կառավարութիւնն է», հարց տուաւ ան:

Սուրիոյ տագնապին վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ անոր նկատմամբ չէզոք քաղաքականութիւն որդեգրել, «սակայն Լիբանանի դէմ սուրիական ռմբակոծումի պարագային այդ մասին լուռ պիտի չմնանք, իսկ երբ դէպի Լիբանան ականներ եւ պայթուցիկ նիւթեր մաքսանենգուած էին, մենք չէզոք կեցուածք չցուցաբերեցինք», ըսաւ ան` Սուրիոյ իշխանութիւններէն խնդրելով հակակշիռի տակ պահել նաեւ իր սահմանները եւ արգիլել մաքսանենգումը:

Նախկին նախարար Միշել Սըմահայի դատական հարցին մասին խօսելով` վարչապետ Միքաթի նշեց, որ փաստերը ցոյց կու տան, թէ նման միջադէպ մը արձանագրուած է, եւ այս ծիրին մէջ ներքին ապահովութեան ուժերուն տեղեկահաւաքի բաժանմունքը յարգանքի արժանի է մինչեւ հետաքննութեան աւարտը:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ ներկայ հանգրուանը անյարմար է Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանին վտարումը պահանջելու, որովհետեւ տակաւին երկու պետութիւնները յանձնառու են երկկողմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններուն պահպանումին:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն յուշագիրին մասին խօսելով` վարչապետ Միքաթի հարց տուաւ անոնց, որ արդեօք եթէ իրենք ըլլային Լիբանանին իշխող կառավարութիւնը` յուշագիրին բովանդակութիւնը կը գործադրէի՞ն, վտարելով Սուրիոյ դեսպանը եւ Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ տեղակայելով ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը:

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակման բանակցութիւններուն մասին խօսելով` վարչապետ Միքաթի ըսաւ, որ թրքական միջամտութիւնը լուրջ է, սակայն լիբանանցիներուն ազատ արձակումը պիտի կատարուի տարբեր հանգրուաններով:

Ապահովական իմաստով, վարչապետ Միքաթի ըսաւ, որ լիբանանեան պետութիւնը կը համբերէ եւ չ՛անտեսեր, իսկ լիբանանեան բոլոր շրջանները ապահովական կառոյցներուն հակակշիռին տակ կը գտնուին: «Ոչ ոք պետութենէն հզօր է եւ ոչ ոք կրնայ դէմ դնել անոր, երբ ան որոշում կու տայ, իսկ բանակը քաղաքական ամբողջական հովանաւորութիւն կը վայելէ` ապահովական կայունութիւնը պարտադրելու», եզրափակեց վարչապետ Միքաթի:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց Արաբական երկիրներու առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան խորհուրդներու համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսար, որ քննարկեց Պէյրութի մէջ յառաջիկայ 12 եւ 13 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Արաբական-եւրոպական տնտեսական համագումարին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Քասսար հաստատեց, որ Լիբանան էր եւ պիտի մնայ Արեւելքը Արեւմուտքին կապող տնտեսական օղակը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որ շեշտեց եւրոպական երկիրներուն կողմէ Լիբանանի զօրակցելու ուժգին յանձնառութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այս հանգրուանը կը վկայէ շարք մը իրադարձութիւններ, որոնք մտահոգիչ են:

Էխհորեսթ ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ աշխատիլ Լիբանանի հետ` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ: Քննարկուեցան երկրին ելեւմտական եւ դրամատնային իրավիճակն ու հարցերը:

 

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ Պըրրի – Միքաթի Հանդիպում

Յաջորդը

Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Հանրապետութեան Եւ Խորհրդարանի Նախագահներուն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.