Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Թինէի Մէջ Պըրրի – Միքաթի Հանդիպում

September 11, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միքաթի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին վերաբերող ծրագիրները:

Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Միքաթի յայտնեց, որ Պըրրիի նկատմամբ իր մեղադրանքը համազօր է Պըրրիի հանդէպ իր սիրոյն եւ մտերմութեան:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ ոչ ոք պէտք է գրաւ դնէ իր եւ Պըրրիի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վատթարացման վրայ, «որովհետեւ եթէ  առաւօտեան Պըրրիի հետ բանավէճ ունենանք, կրնանք երեկոյեան ընթրել անոր հետ եւ այդպէս», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ քարիւղի հանքերուն պեղման աշխատանքին արագացումը պահանջողը Պըրրին է, եւ կը կարծեմ, որ այդ աշխատանքին համար կազմուած յատուկ յանձնախումբը մօտիկ ապագային պիտի սկսի իր աշխատանքին:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ այս հանգրուանին պէտք է վերջ տալ կառավարութեան հրաժարականին հաւանականութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն փոխանցեց կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրէնքի տարբերակը, որպէսզի անոնք անմիջապէս սկսին սերտել այդ օրինագիծը:

Ան նոյն յանձնախումբերուն փոխանցեց նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններ Ալեն Աունի եւ Նաամթալլա Ապի Նասըրի կողմէ ներկայացուած 2008-ի ընտրական օրէնքը բարեփոխելու առաջարկը, որուն հիման վրայ իւրաքանչիւրը կ՛ընտրէ իր համայնքին ներկայացուցիչը, իսկ օրէնքը համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած է եւ Լիբանանը կը վերածէ մէկ ընտրաշրջանի:

Նշենք, որ Պըրրի իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ նշեց, որ Ամալ շարժումը եւ Հըզպալլան լիբանանեան բանակին նկատմամբ մեծ վստահութիւն ունին` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է իր իշխանութիւնը բանեցնէ երկրին տարածքին:

Ան դիտել տուաւ, որ ոչ ոք պէտք է հաւատայ, որ Պէյրութի հարաւային արուարձանները կամ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան անջատ կղզիներ են:

Անդրադառնալով բոլոր անոնց, որոնք իրենց գրաւը դրած էին բանակին եւ աշիրեթներուն, յատկապէս` Մըքտատ ընտանիքին միջեւ բախումներուն վրայ, Պըրրի ըսաւ, որ անոնք պէտք է գիտնան, որ այդ աշիրեթները լայն սրտով կ՛ընդունին բանակը եւ կ՛ողջունեն անոր դերակատարութիւնը, այն աստիճան, որ անոնք բանակը կը հրաւիրեն ընդարձակելու Հարաւային արուարձաններուն մէջ իր գործողութիւններուն օղակը:

Պըրրի ողջունեց Հարաւային արուարձաններուն մէջ բանակին կողմէ կատարուած ձերբակալումները` կոչ ուղղելով, որ այդ օրինակը գործադրուի նաեւ այլ շրջաններու մէջ:

 

Նախորդը

Ժամիլ Սէյիտ` Սըմահայի Մեղսակի՞ց

Յաջորդը

«Կառավարական Կայունութիւնը Այս Հանգրուանի Անհրաժեշտութիւններէն Է» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.