Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Իրանեան Հակահարուածը Դիմակայելու Համար Իր Պաշտպանութիւնը Կ՛ուժեղացնէ

September 11, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը գրէ, որ Իսրայէլեան իշխանութիւնները սկսած են երկրին մէջ լայնածաւալ պաշտպանական գործողութիւններ կատարել` Իրանի դէմ հաւանական պատերազմի պարագային վերջինիս անխուսափելի հակահարուածէն պաշտպանուելու համար:

Իշխանութիւնները արդէն պաշտպանական համակարգեր կը տեղակայեն հրթիռակոծումներու դէմ, հակակազ դիմակներ կը բաժնեն ժողովուրդին եւ ապաստանարաններ կը կառուցեն:

Միայն վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին Իսրայէլի մէջ ապաստանարաններու պահանջարկը աճած է 10 անգամով: Սակայն շատերը այս փաստը կը կապեն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն հետ, որոնք բնականաբար հասարակութեան մէջ խուճապ յառաջացուցած են:

Ինչ կը վերաբերի հակակազ դիմակներուն, ապա, ըստ Իսրայէլի զինեալ ուժերու տուեալներուն, այս տարուան ապրիլէն ի վեր երկրին ամբողջ բնակչութեան 60 առ հարիւրը արդէն անոնցմով ապահովուած է:

Ըստ զինուորական վերլուծաբաններու, այս ամէնը կը վկայէ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ պատերազմ սկսելու մտադրութեան մասին: Սակայն մասնագէտներու հետ համակարծիք չէ հրեաներու մեծամասնութիւնը: Անոնք կը բացառեն Իրանը հարուածելու հաւանականութիւնը` հիմնուելով պաշտպանական գործողութիւններուն մէջ քաղաքացիական հատուածի ներգրաւուած չըլլալուն իրողութեան վրայ:

Ըստ որոշ մասնագէտներու, ուժեղացնելով սեփական պաշտպանական դիրքերը` Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներուն կոչ կ՛ուղղէ` առաւել կարծր դիրքորոշում որդեգրելու Իրանի հարցին մէջ: Սակայն ոմանք ալ կը գտնեն, որ այս ձեւով Իսրայէլ կը հասկցնէ, որ օգնութեան հարցին մէջ Օպամայի վարչակազմին վրայ վստահութիւն չունի եւ պատրաստ է ինքնագլուխ կերպով «լուծելու» Իրանի հետ խնդիրները:

Իսրայէլի իշխանութիւնները կը նշեն, որ երկրին մէջ պաշտպանական միջոցներու ուժեղացումը ուղղակի անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ մօտակայ ամիսներուն ընթացքին Իրանի դէմ պատերազմի տարբերակը բացառուած չէ: «Մենք կը նախատեսենք, որ Իրանը հարուածելու պարագային Իսրայէլի ուղղութեամբ հրթիռներու «տարափ» պիտի տեղայ, ուստի` անհրաժեշտ է երկրին յուսալի պաշտպանութիւն ապահովել», նշած է Իսրայէլի զինուորական հետախուզութեան պետ զօր. Աւիւ Քոչաւի: Իր խօսքին մէջ ան նաեւ նշած է, որ իրանցիներու թիրախներուն շարքին անկասկած պիտի ըլլայ Թել Աւիւը: Բացի ատկէ, պէտք է նաեւ Սուրիայէն, Կազայէն եւ Լիբանանէն հարուածներ ակնկալել:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Զագգա Ա. Պատրիարքին

Յաջորդը

Գահիրէի Մէջ Եգիպտոս-Թուրքիա-Իրան-Սէուտական Արաբիա Առաջին Նիստ. Իպրահիմի Կը Խոստանայ Սուրիոյ Տագնապը Սուրիացի Ժողովուրդի Շահերուն Համահունչ Լուծելու Համար Առաւելագոյն Ջանք Թափել

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.