Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Մէջ Ժեմայէլ Եւ Միւֆթի Քապպանի Մասնակցեցան Խորհրդաժողովի Մը Եւ Հանդիպումներ Ունեցան Թուրք Պետական Անձնաւորութիւններու Հետ

September 10, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խորհրդաժողովէն պահ մը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ «Արաբական գարնան» եւ խաղաղութեան մասին միջազգային խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ:

Նշենք, որ այս խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ կրօնաւորներ:

Խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Ժեմայէլ յայտնեց, որ արաբական աշխարհին մէջ կան քնացող եւ միաժամանակ աշխուժ բջիջներ, որոնք կը ներկայացուին բռնատիրական ուժերով եւ կը սպառնան ամբողջ շրջանին` բռնատիրական նոր օրէնքներ հաստատելու վտանգներով:

Ան կոչ ուղղեց իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօններուն որդեգրելու ազատական եւ ժողովրդավարական սկզբունքներն ու բազմազանութիւնը, որպէսզի կարելի  ըլլայ արաբական աշխարհին մէջ իսկական խաղաղութիւն հաստատել:

Խորհրդաժողովին իր մասնակցութենէն անկախ, Ժեմայէլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Էրտողանի հետ` ներկայութեամբ Տաւութօղլուի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Քազզիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները եւ լիբանանեան-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Ժեմայէլ բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը` ազատ արձակելու համար Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրք քաղաքացին:

Ան դատապարտեց առեւանգումները եւ բարձր գնահատեց թրքական իշխանութիւններուն ճիգերն ու օժանդակութիւնը` Սուրիոյ մէջ առեւանգուած  լիբանանցիները ազատ արձակելու նպատակով:

Իր կարգին, միւֆթի Քապպանի հաստատեց, որ Լիբանան կենդանի օրինակն է ազգային համերաշխութեան եւ քրիստոնեայ – իսլամ գոյակցութեան ան կոչ ուղղեց բոլոր կրօններուն միջեւ երկխօսութիւն կատարելու:

Նշենք, որ միւֆթի Քապպանի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Քապպանի շեշտեց, որ Թուրքիա կրնայ աշխուժ աշխատանք կատարել արաբական շրջանին ապահովութեան ի խնդիր:

Անդրադառնալով  Սուրիոյ մէջ լիբանանցիներուն առեւանգումին` միւֆթի Քապպանի հաստատեց, որ Թուրքիա առեւանգող պետութիւն չէ եւ ան ոչ մէկ կապ ունի լիբանանցիներուն առեւանգումին հետ:

Ան ընդգծեց Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ խոր յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, Ժեմայէլ եւ Քապպանի Պոլսոյ մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ շեշտեցին լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ համախոհութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել լիբանանեան քաղաքական տագնապը եւ Լիբանանը փրկել իրեն դէմ սպառնացող սադրանքներէն եւ բոլոր մարտահրաւէրներէն:

Նշենք, որ Ժեմայէլ Պոլսոյ մէջ ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ խորհրդաժողովին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան եւ դրուատեց լիբանանեան բազմազանութիւնը` ընդգծելով, որ երկխօսութիւնը կ՛օժանդակէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին եւ Լիբանանի իւրայատուկ դերակատարութեան:

 

 

Նախորդը

Մանսուր Կը Հերքէ Սանուսիի Վերագրուած Վկայութիւնները

Յաջորդը

Քրտական Հակաթուրք Բազմամարդ Ցոյց` Պէյրութի Մուտքին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.