Արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ Լիպիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին պետ Ապտալլա Սանուսիի հետ կատարուած հետաքննութեան մանրամասնութիւններուն մասին «Տիար» օրաթերթին հրապարակած տեղեկութիւնները անճիշդ են` աւելցնելով, որ պէտք է զգուշ ըլլալ եւ իրականութենէ զուրկ մեկնաբանութիւններու չանսալ:
Մանսուր աւելցուց, որ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անյայտացումին վերաբերող հետաքննութիւնը տակաւին կը շարունակուի լիբանանեան պետութեան կողմէ եւ պէտք է հետեւիլ պաշտօնապէս փոխանցուած տեղեկութիւններուն:
Նշենք, որ «Տիար» օրաթերթը նշած էր, թէ Սանուսի Մաւրիտանիոյ մէջ ձերբակալուելէ եւ լիպիական իշխանութիւններուն յանձնուելէ ետք յայտնած էր, որ անյայտացած իմամ Մուսա Սատըր եւ անոր ընկերակիցները` շէյխ Մոհամետ Եաագուպ եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտին սպաննուած են եւ անոնց դիակները կը գտնուին որոշ վայրի մը մէջ:
Նոյն աղբիւրին համաձայն, Սանուսի նկատել տուած էր, որ իր մօտ կը գտնուին Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անցագիրները:
Միւս կողմէ, Մանսուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քարիմ Ալիի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:


