
Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Պարաք Օպամա ընդունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ թեկնածու առաջադրումը եւ նշեց, որ «իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղութեան մեր ձգտումը պէտք չէ չքանայ»` աւելցնելով, որ «աշխատանք պիտի տանիմ Աֆղանիստանի մէջ պատերազմին վերջ տալու, ինչպէս որ Իրաքի մէջ կատարեցի: Արդարեւ, ձեզի խոստացայ վերջ տալ Իրաքի մէջ պատերազմին ու կեդրոնանալ ահաբեկիչներուն դէմ պայքարին վրայ եւ խոստումներս յարգեցի»:
Ան նշեց, որ «հիւլէական զէնքին տարածումը կասեցնելու համար ամբողջ աշխարհին հետ մեր դաշինքը ամրապնդեցինք»:
Օպամա ըսաւ, որ «ամերիկացի քուէարկողը յառաջիկայ նախագահի ընտրութեան ատեն յստակ ընտրանք մը ունի: Արդարեւ, հանրապետականները ամերիկացիներուն քուէն կ՛ուզեն, սակայն չեն ուզեր իրենց ծրագիրները անոնց յայտնել»: Օպամա նշեց, որ «ներկայիս քարիւղէն նուազ կախեալ ենք, քան անցնող քառասուն տարիներուն»:
Ռուսական vz.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պիլ Քլինթըն չորեքշաբթի օր պաշտօնապէս գործող նախագահ Պարաք Օպաման առաջադրած է Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու: Անոր թեկնածութիւնը առաջադրուած է Շարլոթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Դեմոկրատական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին:
Նախկին նախագահ Պիլ Քլինթըն իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ Պարաք Օպամայի տնտեսական ծրագիրը ճիշդ կը նկատէ եւ առաջարկած է 6 նոյեմբերին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան ընթացքին անոր աջակցիլ:
Քլինթընի ելոյթէն ետք բեմ բարձրացած է Պարաք Օպամա, որ ներկաներուն կողմէ ընդունուած է ծափողջոյններով:
Վերջերս Թեմփ քաղաքին մէջ կայացած էր Հանրապետական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին Միթ Ռոմնի պաշտօնապէս նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու առաջադրուած էր:


