Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տեղի Ունեցածը Պէտք Չէ Ստուեր Ձգէ Հայաստան-Օթան Յարաբերութեանց Վրայ» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

September 7, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ Հայաստան ականատես եղաւ «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրի հիմնական` արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան միջոցով խաղաղութեան հաստատման եւ այլ սկզբունքներու կոպիտ ոտնահարման: Ատիկա, սակայն, ըստ Սերժ Սարգսեանի, պէտք չէ ազդէ Հայաստան – ՕԹԱՆ յարաբերութիւններուն վրայ:

Ոճրագործը դատապարտուած էր ցմահ բանտարկութեան եւ կը թուէր, թէ արդարութեան սկզբունքին արժանին մատուցուած է, սակայն քանի մը օր առաջ տեղի ունեցածը մարտահրաւէր է առողջ տրամաբանութիւն ունեցող մարդոց համար, յայտարարեց հանրապետութեան նախագահը` ընդգծելով, որ Սաֆարովին ներում շնորհելու հրամանագիրը զայն արդարացնելու բովանդակութիւն կը պարունակէր:

«Աշխարհի որեւէ երկրի մէջ ներում շնորհելուն չի յաջորդեր խրախուսանք, ներում շնորհուածին չեն պարգեւատրեր: Աշխարհի որեւէ երկրի մէջ ոճրագործութեան համար պատիժ կրելը չի նկատուիր աշխատանք կամ ծառայութիւն: Բայց զայն վարձատրեցին աշխատանքի համար, աշխատավարձ վճարեցին եւ կոչում շնորհեցին: Ասիկա է խնդիրը»,  ըսաւ նախագահը:

Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Սաֆարովի հերոսացումը Ազրպէյճանի մէջ տեղի կ՛ունենար ապշեցուցիչ բացայայտ շնականութեամբ  եւ միջազգային չափանիշերու ոտնահարումով:

«Ազրպէյճան իր իսկ ձեռքով ինքն իրեն վերածեց ոճրագործութեան հովանաւորի: Ասիկա անընդունելի, մերժելի եւ դատապարտելի երեւոյթ մըն է, որ մեծ հարուած կը հասցնէ «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրի նպատակներուն, լրջօրէն  կը վտանգէ Հարաւային Կովկասի շրջանային ապահովութիւնը: Այս իրավիճակին մէջ ոչ ոք բարոյական իրաւունք ունի լռելու, անտեսելու կատարուածը: Ատիկա միանշանակ եւ աներկբայօրէն պէտք է արժանանայ համընդհանուր դատապարտման` ուղերձ յղելով արդարութեան հաստատման եւ անպատժելիութեան բացառման», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հունգարացիներուն, որոնք այս դժուար օրերուն բարձր բարոյականութիւն դրսեւորեցին եւ նեցուկ կանգնեցան հայ ժողովուրդին: Սերժ Սարգսեան շեշտեց, որ Հունգարիոյ կառավարութիւնը չէր կրնար չիմանալ, չկանխատեսել, որ Սաֆարով պիտի հերոսացուի Պաքուի մէջ, քանի որ այդ մասին խօսուած էր բազմիցս, եւ Հունգարիոյ ղեկավարները հաստատած էին այդ կասկածները:

«Մենք տարբեր առիթներով բազմիցս նախազգուշացուցած ենք մեր գործընկերներուն, որ պաշտօնական փաստաթուղթերուն մէջ, հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մասին միակողմանի, բանակցային հոլովոյթի իրական բովանդակութիւնը չարտացոլող ձեւակերպումները վտանգաւոր են նախ եւ առաջ այն առումով, որ անոնք կը քաջալերեն Ազրպէյճանի ապակառուցողական, առաւելապաշտական դիրքորոշումը», ըսաւ նախագահը:

Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն վերահաստատեց իր խոր մտահոգութիւնը Ազրպէյճանի որոշման հետ կապուած` ներում շնորհել ոճրագործին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս վաղը Պաքուի մէջ պիտի սեղմէ ներման հրամանագիրը ստորագրած նախագահին ձեռքը, Ռասմուսեն նշեց, որ Ալիեւին պիտի փոխանցէ պարզ ուղերձ մը, որ այդ ահաւոր եւ ողբերգական միջադէպը ոճրագործութիւն է, որ պէտք չէ փառաբանուի:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը Հայաստան-ՕԹԱՆ յարաբերութիւնները բարձր գնահատեց, մատնացոյց ընելով Աֆղանիստանի եւ Քոսովոյի մէջ Հայաստանի առաքելութիւնները:

«Հայաստան եւ ՕԹԱՆ արժէքաւոր գործընկեր են իրարու համար: Այժմ մենք կարելիութիւն ունինք կառուցելու ալ աւելի զօրաւոր գործընկերութիւն: Ատիկա կարելիութիւն է, զոր  պէտք է օգտագործենք: Մենք երկուքս ալ պիտի շահինք անկէ, եւ անկէ պիտի շահի նաեւ ամբողջ շրջանը»,  ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ  ինչպէ՞ս  Հայաստան կը համատեղէ անդամակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան եւ համագործակցութիւնը ՕԹԱՆ-ի հետ, Սերժ Սարգսեան նշեց, որ առայժմ ատիկա յաջողութեամբ կ՛ընթանայ, ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցութիւնը կը բխի երկրի շահերէն եւ Հայաստան իր գործողութիւններով պէտք չէ տեղի տայ որեւէ հակադրութեան, յարաբերութիւններու սրման:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական Ցոյց` Նախագահական Նստավայրին Դիմաց

Յաջորդը

Շէնքերը Քաղաքներուն Մէջ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.