Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիմանի Մէջ Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը

September 7, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռայի պատրիարքը` Հըզպալլայի պատուիրակութեան եւ Հարես Շեհապի հետ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը`  գլխաւորութեամբ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի եւ ընկերակցութեամբ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան յանձնախումբի անդամ Հարես Շեհապ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին կատարելիք այցելութիւնը:

Ռաատ շեշտեց, որ բնակեցման վայրերու բնակիչներուն կողմէ Պաղեստինեան հողերուն վրայ գտնուող վանքերէն մէկուն սրբապղծումը փաստ է, որ սիոնական թշնամին գոյութենական թշնամի եւ անոր ու անոր գործած ոտնձգութիւններուն դէմ է, որ բողոքագիրներ պէտք է ներկայացուին հանրապետութեան նախագահին:

«Իսկ բողոքի այն նամակները, որոնք թշնամական բովանդակութիւն ունին եւ ուղղուած են այն տրամադրութեամբ, որ եղբայրը թշնամի նկատեն, ապա այդ տրամաբանութիւնը տարօրինակ է», ըսաւ ան:

Ռաատ ողջունեց պապին Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը եւ մաղթեց, որ այդ այցելութիւնը ներքին լիբանանեան կայունութիւնը ամրապնդէ:

Ռաատ ընդգծեց, որ լիբանանեան ներքին երկխօսութիւնը պէտք է շարունակուի, որովհետեւ լիբանանցիներուն ճակատագիրն է համերաշխութիւնն ու ազգային գոյակցութիւնը:

Ան դիտել տուաւ, որ նկատի ունենալով լիբանանեան եւ շրջանային ներկայ իրադարձութիւնները եւ սիոնական թշնամիին կողմէ ուղղուած սպառնալիքները, անհրաժեշտ նկատած են Ռայի պատրիարքին հետ խորհրդակցութիւններ կատարել:

Ռայի պատրիարքը հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ հանդիպումը ընթացած է մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ պատրիարքութեան արժէքը այն է, որ անիկա լիբանանցիներէն կազմուած է եւ լիբանանցիներուն ի նպաստ կը գործէ:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանան այսօր խիստ կարիքը ունի սիրոյ եւ համագործակցութեան:

 

Նախորդը

Իսլամ Կրօնաւորներու Համախմբումը Կը Զօրակցի Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին

Յաջորդը

Զօր. Աուն Ընդունեց Ուահապն Ու Եաագուպը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.