Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի Կը Զգուշացնէ Սուրիոյ Տագնապին Լիբանան Փոխադրութենէն

September 6, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան այն երկիրներէն է, ուր կրնայ փոխադրուիլ Սուրիոյ տագնապը` քաղաքական, ապահովական եւ աշխարհագրական պատճառներով:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն միասնականութեան` շեշտելով, որ անոնք բոլորը մէկ նաւու մէջ կը գտնուին եւ այդ նաւը կրնայ ընկղմիլ, եթէ շրջանը հարուածող փոթորիկները հասնին նաեւ անոր:

Լիբանանցիները ճշգրիտ որոշումներ տուած կ՛ըլլան, եթէ անոնք հեռու մնան իրենց շուրջ արձանագրուող իրադարձութիւններէն:

«Սուրիոյ տագնապէն հեռու մնալու կարելիութիւնը կը յաջողի, երբ մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, միասնական գտնուինք եւ մերժենք Սուրիոյ տագնապին Լիբանան ներածումը», ըսաւ Միքաթի:

Վարչապետը աւելցուց, որ եթէ Սուրիոյ տագնապը Լիբանան հասնի, ապա ոչ ոք պիտի բացառուի անոր վտանգէն: «Ոչ մէկը թող մտածէ, թէ կրնայ օգտուիլ այդ տագնապէն, իսկ ուրիշը կրնայ վտանգի մէջ ըլլալ: Մենք Լիբանանի մէջ բոլորս նոյն նաւուն վրայ ենք, եւ եթէ այդ նաւուն մէջ ջուր մտնել սկսի` փոթորիկին իբրեւ հետեւանք, բոլորս պիտի ընկղմինք», ըսաւ ան:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն կառչած մնալու չէզոք կեցուածքին եւ հսկելու Լիբանանի ապահովութեան ու կայունութեան:

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն եւ Լիբանանի մէջ առեւանգուած սուրիացի եւ թուրք քաղաքացիներուն առեւանգումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ այդ իմաստով Լիբանան արդէն իսկ կազմած է նախարարական յանձնախումբ մը, որ թրքական իշխանութիւններուն հետ գործակցաբար կը հետեւի բանակցութիւններուն: Ան մաղթեց, որ այդ բանակցութիւնները աւարտին բոլոր առեւանգեալներուն ազատ արձակումով:

Անդրադառնալով լիբանանեան կարգ մը շրջաններուն մէջ արձանագրուող ապահովական միջադէպերուն` վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը գետնին հաւասարեցնել, որովհետեւ պետութիւնը միշտ հզօր կը մնայ, իսկ ապահովական միջադէպեր ստեղծող կողմերը ուշ կամ կանուխ պիտի դատուին եւ իրենց համապատասխան պատիժին ենթարկուին:

Իր խօսքը ուղղելով արաբ զբօսաշրջիկներուն եւ յատկապէս Ծոցի երկիրներու քաղաքացիներուն` վարչապետ Միքաթի նշեց, որ անոնք պէտք չէ վարանին Լիբանան այցելելու` աւելցնելով, որ լիբանանցիները մեծ յարգանք ունին անոնց նկատմամբ եւ սիրով կ՛ընդունին զանոնք իրենց երկրին մէջ: Ան ընդգծեց, որ ինք կը հաւատայ, որ Ծոցի երկիրներու ղեկավարութեանց մօտ այսօր իմաստութիւն կայ, եւ Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպ մը կամ հարց մը պատճառ պէտք չէ դառնայ Ծոցի երկիրներուն մէջ իրենց արժանապատուութեամբ աշխատող լիբանանցիներուն նկատմամբ կեցուածք որդեգրելու:

 

Նախորդը

Լիբանան Ստանձնեց Արաբական Լիկայի 138-րդ Նստաշրջանի Նախագահութիւնը

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Այսօրուան Նիստին Յետաձգեց Աշխատավարձի Յաւելումներուն Վաւերացումը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.