Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Արտակարգ Նիստ Պիտի Գումարէ Սաֆարովի Արտայանձնման Հարցին Շուրջ

September 4, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ազգային ժողովի նախագահին հրաւիրած խորհրդակցութենէն պահ մը

Հայաստանի Ազգային ժողովը արտակարգ նստաշրջանի կը հրաւիրէ Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանին արտայանձնելու հարցին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու նպատակով: Նիստը պիտի գումարուի վաղը:

Այդ առիթով Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան երէկ խորհրդակցութիւն ունեցաւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարներուն եւ մնայուն յանձնախումբերու նախագահներուն հետ:

Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց, որ արտակարգ նիստ հրաւիրելու որոշումը ընդունուած է միաձայնութեամբ եւ բոլոր խմբակցութիւնները համաձայնած են առաջարկին:

Արտակարգ նիստի արդիւնքներուն համաձայն, խորհրդարանը պիտի հրապարակէ իր միասնական դիրքորոշումը իրավիճակին եւ հետագայ հոլովոյթներու առնչութեամբ:

Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն
Յայտարարութիւնը

Երէկ Փարիզի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք հանդիպում ունեցան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ` քննարկելու շրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները:

Համանախագահները տարածած են յայտարարութիւն մը, որուն համաձայն, նախարարներուն հետ քննարկած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ հայազգի սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու փաստը:

Համանախագահները իրենց խորին անհանգստութիւնն ու ափսոսանքը յայտնած են այդ առնչութեամբ` նշելով, որ Սաֆարովին ներման շնորհումը բացասաբար պիտի անդրադառնայ 2 կողերուն միջեւ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղուած հոլովոյթի եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի հաստատման վրայ:

Ռուսիա Խստիւ Կը Քննադատէ
Հունգարիան
Եւ Ազրպէյճանը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ Հունգարիոյ կողմէ Ռամիլ Սաֆարովը արտայանձնելու եւ Պաքուի մէջ անոր ներում շնորհելու վերաբերեալ հաղորդագրութիւն հրապարակած է:

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ միջնորդ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ հանդիսացող Ռուսիան խորապէս մտահոգուած է Պաքուի կողմէ ազրպէյճանցի զինուոր Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու փաստով, մանաւանդ որ ան հունգարական դատարանին կողմէ դատապարտուած էր ցմահ բանտարկութեան` հայազգի սպան իւրայատուկ դաժանութեամբ սպաննելու համար:

«Կը կարծենք, որ Ազրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Հունգարիոյ իշխանութիւններուն գործողութիւնները կը հակասեն շրջանին մէջ լարուածութեան նուազեցման ուղղուած միջազգային ջանքերուն` նախ եւ առաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն:

«Կ՛ակնկալենք, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը մօտ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին իրավիճակին համապատասխան գնահատական տայ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Հունգարիոյ Կառավարութիւնը Կը Հերքէ

Փիթըր Սիարթօ

Հունգարիոյ կառավարութիւնը հերքած է այն տեղեկութիւնները, թէ Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանին արտայանձնելու համար Պաքուի եւ Պուտափեշտի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան համաձայնութիւն գոյացած է:

Հունգարիոյ վարչապետի մամլոյ քարտուղար Փիթըր Սիարթօ հունգարական «Էմ.1» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ այդ հոլովոյթը կատարուած է միջազգային օրէնսդրութեան համապատասխան: «Փոխանցումը, որուն պատճառով Հայաստան Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կասեցուցած է, որովհետեւ իր քաղաքացի Գուրգէն Մարգարեանը գազանաբար սպաննուած էր ազրպէյճանցիի կողմէ, իրականացուած է թափանցիկ` համաձայն Սթրազպուրկի համաձայնութեան», ըսած է վարչապետի մամլոյ քարտուղարը:

Անդրադառնալով որոշ լրատուամիջոցներու այն պնդումներուն, թէ ազրպէյճանական կողմը Ռամիլ Սաֆարովը արտայանձնելու համար քանի մը միլիառ տոլարի ներդրումներ խոստացած է, ան այդ մէկը «վառ երեւակայութիւն» որակած է եւ յայտարարած, որ ներդրումներու վերաբերեալ որեւէ համաձայնութիւն չէ գոյացած:

Պորտիւժա. «Սաֆարովի Հարցին Մէջ
Ազրպէյճանի
Քայլը Չունի Արդարացում»

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա, մեկնաբանելով հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած եւ Հունգարիոյ կողմէ Ազրպէյճանին արտայանձնուած մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ներում շնորհուելուն շուրջ ստեղծուած կացութիւնը, կը յայտնէ, որ մարդասպանին ներում շնորհելու եւ պատասխանատուութենէն ազատելու մասին որոշումը կը հակասէ միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն, կասկածի տակ կը դնէ յանցաւորութեան հակազդման միջպետական համակարգի գործունակութիւնը:

«Այս քայլը, որ յստակ է, որ կատարուած է ի շահ որոշակի քաղաքական նպատակներու, չի կրնար որեւէ ձեւով արդարացուիլ», կ՛ըսուի կազմակերպութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:

«Աւելի՛ն, յանցագործի հերոսացումը պիտի նպաստէ առանց այդ ալ շրջանի լարուածութեան յաւելումին: Վստահ եմ, որ միջազգային ընտանիքը պիտի չուշանայ կատարուածին առարկայական գնահատական տալու հարցին մէջ», ըսած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը:

Հունգարիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը`
Անհանգստացած

Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Ժոլթ Նեմեթ 2 սեպտեմբերին Պուտափեշտի մէջ հանդիպում ունեցած է Հունգարիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Վիլայաթ Կուլիեւի հետ:

Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ հանդիպումին ընթացքին Նեմեթ Ազրպէյճանի դեսպանին փոխանցած է նոթ մը 31 օգոստոսին Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ ազրպէյճանական կողմին փոխանցուած Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու վերաբերեալ: Սաֆարով Հունգարիոյ մէջ դատապարտուած էր ցմահ բանտարկութեան` հայկական բանակէն սպայի մը սպանութեան համար:

Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը Ազրպէյճանի դեսպանին յանձնած է դիւանագիտական նոթ մը, որուն մէջ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր անհանգստութիւնը կը յայտնէ այն հարցին նկատմամբ, որ Սաֆարով իր պատիժը պիտի չկրէ:

 

Նախորդը

Սուրիոյ Դէպքերու Զոհերուն Յիշատակին Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Ս. Էջմիածինի Մէջ

Յաջորդը

Հունգարիոյ Հոգեւոր Առաջնորդը Սաֆարովի Հարցով Կը Զօրակցի Հայ Ժողովուրդին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.