Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Քաղաքական Պահու Հասունացման Ընդառաջ. (Արցախի Անկախութեան Հռչակագիրի 21-Ամեակին Առիթով)

September 1, 2012
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի անկախութեան հռչակման նշումը խորքին մէջ իրողականէն իրաւական անցումի հանգրուանի նախապատրաստուիլը կը յուշէ: Արցախի Հանրապետութիւնը իրողապէս անկախ է` պետական համապատասխան կառոյցներով, զինուժով, պաշտպանութեան համակարգով, օրէնսդրական դաշտով  եւ այս բոլորին ածանցեալ բոլոր ծառայութիւններով: Անկախութեան հռչակումն ալ ընթացած է միջազգային ընտանիքի սահմանած օրինաչափութիւններուն նկատառումով եւ օրէնքներուն ընդառաջ: Ժողովուրդի կամարտայայտութիւնը լիարժէք յարգուած է թէ՛ հանրաքուէով եւ թէ՛ իրերայաջորդ ընտրութիւններով: Անոնցմէ վերջինը` նախագահականը արժանացած էր միջազգային դէտերու եւ պետութիւններու ներկայացուցիչներու անվերապահ գնահատանքներուն, որոնք համեմատութեան եզրեր գտած էին ժողովրդավարութեան յարգումով աչքի ինկող պետութիւններու հետ:

Այս բոլոր յիշեցումները` վերընդգծելու համար, որ իրողական անկախ հանրապետութիւնը նաեւ միջազգային իրաւունքի բոլոր հիմնադրոյթները յարգած ըլլալով կ՛ընթանայ դէպի իրաւական ճանաչում:

Քաղաքական բանականութիւնը սակայն կը յուշէ, որ իրաւական նախապատրաստուածութիւնը սոսկ միջազգային օրէնքներու ընդառաջ շարժելով բաւարար չէ ամրագրումի համար: Քաղաքական պահն է, աւելի ճիշդը պետութիւններու շահերու զուգադիպումի երեւոյթը, որ կրնայ յանգեցնել անկախութեան ճանաչումին: Քոսովոյի եւ Աբխազիոյ օրինակները այս տեսութիւնը կը հաստատեն ամէնէն պարզ ձեւով: Ճանաչումները երբեմն կը ստանան սպառնալիքի բնոյթ, յաճախ սակարկութեան առարկայ եւ միշտ` ճնշամիջոց ու օգտագործուող խաղաթուղթ :

Ի հարկէ տեսութեան բացարձակացումը ճիշդ պիտի չըլլար` յանգելու համար այն եզրակացութեան, որ քաղաքական շահի գերակայութիւնը կ՛ենթադրէ իրաւական նախապատրաստուածութեան անտեսում: Իրաւական նախադրեալներու ամբողջացումը, դաշտի կայացումը եւ միջազգային օրէնքի սահմանած անկախացման հիմնադրոյթները կիրարկելը անհրաժեշտ են դիւանագիտական աշխատանքներուն համար:

Այստեղ կայ նուրբ խնդիր, որուն նկատառումը կարեւոր է իրաւաքաղաքական աշխատանքներուն ընթացքին: Իրողական անկախ կարգավիճակի ներկայացումը կ՛ենթադրէ (բնականաբար յաչս միջազգային ընտանիքին) անկախ ըլլալ` ոչ միայն Ազրպէյճանէն, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութենէն: Ներազգային առումով որքան ալ մեր հաւաքական ենթագիտակցութեան մէջ Արցախը այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ վաղուան միացեալ Հայաստանին անբաժանելի մասն է, այսուհանդերձ միջազգային ատեաններու մօտ Արցախի իրողական անկախութիւնը պիտի ենթադրէ տնտեսապէս, զինուորապէս եւ քաղաքականապէս անկախ որեէ այլ պետութենէ, ընդ որում նաեւ Հայաստանի Հանրապետութենէն:

Ահա այս նկատառումով  ալ աւելիով կը կարեւորուի Ստեփանակերտի ուղղակի մասնակցութիւնը հակամարտութեան բանակցութիւններուն: Հակամարտութեան բանաձեւի ներկայացումը` իբրեւ արցախեան-ազրպէյճանական (փոխան` հայ-ազրպէյճանականին), թեքնիք առումով աւելի կը նպաստէ այս առաջադրանքի իրականացումին: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը ըստ էութեան կարեւոր քայլ է նաեւ այս ուղղութեամբ: Ռազմավարական յատուկ գործընկերութիւնը անկախ անկէ, որ նախաճանաչում է, ուղղակի կը նպաստէ նաեւ իրաւական անկախութեան միջազգային ճանաչումին:

Մնացեալը` քաղաքական պահու հասունացման հետ կապուած խնդիր է: Այնքան մը, որ ճանաչումի պաշտօնական յայտարարութիւններ կրնան նոյնիսկ յանկարծակիութեան գործօնի ազդեցութիւն ձգել: Աշխատանքի հետեւողականութիւնը աւելի քան համոզիչ հրամայական է: Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութեան նախաքայլը եզակի պէտք չէ ձգել: Պետութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու նպատակաուղղուած աշխատանքը բերրի ենթահող կը պատրաստէ հայկական երկրորդ հանրապետութեան իրաւական ճանաչումին:

 

Նախորդը

2 Սեպտեմբեր 1991. Արցախի Հայութիւնը Հիմը Դրաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ ( 1 Սեպտեմբեր 1962 )

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.