Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 31 Օգոստոս 1962 )

August 31, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նօթեր Ու Նետեր

Պար Ու Պոմպա

Երիտասարդութիւնը Կը Զբօսնու

 

Ութսունամեայ հայրենակից մը, ճամբուս վրայ դիմացս ելաւ ու ըսաւ.

– Այս ինչեր կը լսենք ձայնասփիւռէն, աս ինչեր կը կարդանք թերթերու մէջ` այսօրուան երիտասարդութեան մասին: Շատեր պոմպաներով կը խաղան, թէ՛ այս կողմը թէ՛ միւս կողմը: Ամէն օր պոմպաներով ոճիրներ ու վնասարարութիւններ: Այս ի՜նչ վիճակ է: Կարծես, թէ պոմպան գնդակ է: Երիտասարդները պոմպաներով կը զբօսնուն:

Պատասխանեցի.

– Ֆրանսացի երիտասարդները պոմպաներով, մերիններն ալ պարերով կը զբօսնուն…

– Բարեկամս, փառք տանք Աստուծոյ, որ մերինները պոմպաճի չեն, այլ պալոհի են: Ասկէ առաջ, ես ալ կը քննադատէի մերիններուն պարամոլութիւնը: Բայց հիմա, ուրախ եմ, մխիթարուած եմ, որ ոճիր կամ խափանարարութիւն գործելու փոխարէն, մերինները կը պարապին պարելով:

– Պարելով պարապելուն մէջ թէ՛ պարապ կայ, թէ՛ պոմպաներ կան:

– Այդ պարապը կը լեցուի, ատ ըսած պոմպաներդ ալ մահացնող չեն, սնուցանող են: Փա՜ռք տանք Աստուծոյ: Անկցի՛ պոմպան, կեցցէ՜ պալոն:

– Ուրեմն կեցցե՛ն մեր… պալօները:

Ձեռքեր Ու Ոտքեր

Ընտանիքի մը բազմածաղիկ ու բազմապտուղ հայրը, այսինքն տէր ուստրերու եւ դուստրերու, կը գանգատէր իր զաւակներուն պարամոլութենէն` բարեկամի մը ըսելով.

– Շարժում մը ընել կը ծուլանան, տեղէ մը առարկայ մը վերցնել կը դժկամակին, քայլ մը առնելը զոհողութիւն կը համարեն, բայց երբ կարգը պարին գայ, կը դառնան աւելի քան աշխատասէր, ժամերով կը պարեն, կը հրաշափոխուին յաւիտենական շարժումի…

– Բարեկա՛մս, նոր սերունդը կը նախընտրէ աշխատիլ ոտքերով, եւ ան ալ ոչ թէ քալելու, այլ կաքաւելու համար: Արհեստներու մէջ հետզհետէ կը պակսին աշխատող ձեռքերը, մինչդեռ կ՛աւելնան պարող ոտքերը պարասրահներու եւ պարահանդէսներու մէջ:

– Բայց պարելով գործ կը տեսնուի՞…

– Անտարակոյս: Պարելով ոչ միայն գործ կը տեսնուի, այլ նաեւ գործ կ՛եփի, գործ կը պարզուի, գործ կը պատրաստուի: Մանաւանդ որ նոր սերունդի պատկանողները պարելով կ՛ամուսնանան:

– Ամուսնանալէ  ետքը կը լրջանա՞ն գոնէ…

– Ամուսնանալէ ետքը երկուստեք կը ծանրանան: Պարոնը կը ծանրանայ խաչով, տիկինն ալ կը ծանրանայ գալիքով: Եւ ծանրութիւնը լրջութիւն է: Ուրեմն թոյլ տանք, որ պարեն երիտասարդները եւ պարեն երկսեռ, մանաւանդ հայը հայուն հետ, յանուն հիմենեան հանդէսի: Տարիներով պարել չեն կրնար…

– Երբ, օր մը, պարելէ դադրին, ի՞նչ պիտի ընեն…

– Պիտի նուագեն կամ պիտի երգեն:

– Իսկ եթէ նուագելէ ու երգելէ դադրին, ի՞նչ պիտի ընեն…

– Մեզի պէս պիտի ընեն,- պիտի դիտեն ու պիտի քննադատեն:

Հրապարակը Կը Շարժի

Ահաբեկիչներուն զետեղած ռումբերը կը խլեն կեանքեր` պատճառելով նաեւ նիւթական կորուստներ:

Մարդկային զոհերը, յաճախ անմեղներ, անդարմանելի են ու պատճառ անհուն վիշտի: Իսկ նիւթական վնասներ կը վճարուին կառավարութեան կողմէ:

Կ՛ըսուի, թէ նիւթական այդ վնասները պատճառ եղած են, որ կարգ մը գործեր մտնեն ոսկեշրջանի մէջ: Օրինակի համար, ապակիի գործը իր ամէնէն փայլուն հանգրուանին մէջն է: Որմնադիրները, ատաղձագործները եւ կահագործները աշխատանք ունին անվերջանալի: Գործ բացուած է նաեւ վիրաբուժներուն, բժիշկներուն, հիւանդապահներուն եւ դեղագործներուն:

Բարձրացած են թերթերուն տպաքանակները:

Վերջապէս, հրապարակին վրայ կան շռինչ, շարժում ու շահ:

Վա՜յ մեռնողին…

Պոմպապալօ

Սան Փաուլոյի մէջ, Ալպէրթօ Չուքամենթօ հնարած է նոր պար մը, Պոմպա-Պալօ անունով:

Այս պարը առաջին անգամ պարած է հնարիչը, իր դէմը ունենալով հարաւամերիկեան հռչակաւոր պարուհի Պէլլամոլա Քոնքոմպրիթան: Պարը կը ներկայացնէ ամոլ մը  կռուազան: Այր ու կին կը պայքարին պարելով եւ իրարու արձակելով ռումբեր: Ի վերջոյ, մէկը կ՛իյնայ դիտապաստ: Անօրինակ ոգեւորութիւն մը ստեղծած է պոնպապալօն իր ռազմունակութեամբ եւ ուժականութիւնով: Այս պարով երկսեռ երիտասարդները թէ՛ կաքաւած, թէ՛ արձակած կ՛ըլլան ռումբեր:

Պոնպապալոյի երաժշտութիւնը ռմբերգութիւն մըն է: Պարողները ռմբաձիգներ են: Կարելի է երեւակայել պարին պատերազմական տենդը` որ կը տիրէ սրահի մը մէջ, երբ հարիւրաւոր զոյգեր կը խաղան պոնպապալօ:

Պարին հրապարակ ելլելէն շաբաթ մը յետոյ, պրազիլիան կառավարութիւնը արգիլած է պարին կաքաւումը, իբրեւ բարբարոս բնազդներ արթնցնող արարք: Տեղւոյն երիտասարդութիւնը մտած է սուգի մէջ: Պոնպապալոն արժանացած է շքեղ յուղարկաւորութեան:

Ռիօ տը Ժանէյրոյի մեծագոյն օրաթերթ «Սամպա Թէմրօ»-ի պարագէտ քննադատը Ճիովաննի Քաթմենթօ գրած է.

– «Հիւլէական մեր դարուն լաւագոյն արտայայտիչն էր Պոնպապալոն, որ աւա՜ղ, նեղմտութեամբ արգիլուեցաւ: Այդ պարը յարութիւն պիտի առնէ ու պիտի շարժէ մարդկութիւնը: Այդ պարը փորձաքար մըն էր, ով որ այդ պարը երկու ժամ չի կրնար պարել, ան արժանի չէ այս դարուս  մէջ ապրելու»:

Հայ հայրենակից մը, յոյժ պարամոլ, պրազիլիական կառավարութիւնը կ՛անուանէ «պարազրկեան կառավարութիւն»:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Նախորդը

Հայ Համայնքը Սուրիոյ Քրիստոնեայ Համայնքներու Ղեկավարներուն Յայտարարութեան Համակարծիք Է

Յաջորդը

Արուեստի Մշխարհէն. Հակառակ Բարի Նպատակներու` Որմանկար Մը Փճացած Է

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.