Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ, ԱՆՈՐ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ

April 19, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման եւ դեսպան Ասիրի լիբանանեան եւ ամերիկեան երիտասարդական պատուիրակութեան հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ` անոր յայտնելով Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը` Սուրիոյ, անոր ապահովական կայունութեան եւ բարգաւաճման:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ազգային համակեցութեան լիբանանեան տարբերակը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան համայնքներուն միջեւ երկխօսութիւնը դարձած են միջազգային կարիք` դէմ դնելու համար ծայրայեղութեան եւ ինքնամեկուսացման:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց լիբանանեան եւ ամերիկեան երիտասարդական միացեալ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան  Ալի Ասիրին: Պատուիրակութիւնը խստիւ դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու մէջ Քորանը հրկիզելու արարքը:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութենէն եւ միասնականութենէն բացի այլ լուծում չկայ:

Ան նկատել տուաւ, որ Քորանը հրկիզելու արարքին մէջ կրօնի մը պատկանելիութիւն կամ բարոյական արժէք ու պարկեշտութիւն կարելի չէ գտնել:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու գործավար նախարար Զիատ Պարուտը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական կալուածներուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ առեւտուրի եւ տնտեսութեան գործավար նախարար Մոհամետ Սաֆատի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց տնտեսութեան իրավիճակը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ պետական գործավար նախարար Ատնան Քասսար, որ յայտնեց, թէ նախագահ Սլէյման խիստ յանձնառու է Լիբանանի ներքին կայունութիւնը պաշտպանելու եւ լիբանանեան ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու առումով:

Քասսար շեշտեց նաեւ Լիբանանի յաջորդ կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը:

Նախորդը

«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԿԸ ՄՆԱՄ» ՇԵՇՏԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ

Յաջորդը

ԿՈ՛Չ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.