Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԿԸ ՄՆԱՄ» ՇԵՇՏԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ

April 19, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ անակնկալօրէն իր մասնակցութիւնը բերաւ «Պրիսթոլ»ի պանդոկին մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին, որուն նախագահեց խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի:

Խորհրդաժողովը կեդրոնացաւ երկրին սահմանադրութեան եւ տիրող քաղաքական պայմաններուն մէջ գործադիր իշխանութեան կազմութեան մասին:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ իր վարչապետ նշանակումէն ի վեր ինք ամէնէն աւելի կը հսկէ երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան, որովհետեւ չի փափաքիր քաղաքական որեւէ ուժի հետ բանավէճի մէջ մտնել, որովհետեւ լիբանանցիները այլեւս յոգնած են քաղաքական բանավէճերէն եւ գործ կը պահանջեն:

Միքաթի նկատել տուաւ նաեւ, որ երբեմն կատարուած յայտարարութիւն մը կրնայ տարբեր մեկնաբանութիւններու դուռ բանալ եւ իր իսկական իմաստէն դատարկուիլ, ուրեմն ինք կը փափաքի ճկուն մնալ քաղաքական կեանքին մէջ եւ գործել ի խնդիր ազգային գերագոյն շահերուն: «Ես չեմ փափաքիր այս կամ այն կեցուածքին գերին դառնալ եւ լիբանանցիներուն յոյսերը բարձրացնել, իսկ կառավարութեան կազմութիւնը յայտարարած պահուս ժողովուրդը կատարուած իրողութեան առջեւ դնել` զայն հիասթափեցնելով», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքին ծիրին մէջ ինք կառչած կը մնայ հիմնական երեք  սկզբունքներու` Լիբանանի մէջ միջհամայնքային եւ միջյարանուանական սադրանքները արգիլել, երկրին կայունութիւնը պահպանել եւ առնուելիք իւրաքանչիւր քայլի պարագային հիմնուիլ երկրին սահմանադրութեան վրայ:

Վարչապետը շեշտեց նաեւ, որ ինք` իբրեւ երկրին սահմանադրութեան յանձնառու վարչապետ, կը պահպանէ իր իրաւասութիւնները եւ կը փորձէ նաեւ պահպանել հանրապետութեան նախագահին իրաւունքները` գործադրելով Թաէֆի համաձայնագիրը:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ սահմանադրութիւնը հանրապետութեան նախագահին ընծայած է հիմնական դերակատարութիւն, սակայն այդ դերակատարութիւնը մնայուն կերպով շրջուած է քաղաքական վարուելակերպին պատճառով: Ան ըսաւ, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն երկրին հարցերը լուծելու եւ չեն փափաքիր, որ կառավարութեան կազմը ինքնին հարց դառնայ:

«Ես կ՛ուզեմ պահել սահմանադրութիւնը եւ հայրենիքը, հետեւաբար պէտք է փորձենք նուազեցնել բանավէճերն ու ցեխարձակումները եւ իրականացնել Լիբանանի գերագոյն շահերը, որպէսզի լիբանանցիներուն մօտ աւելի եւս շեշտուի երկրին նկատմամբ պատկանելիութեան անոնց զգացումը», եզրափակեց Միքաթի:

Իր կարգին, Հիւսէյնի մտահոգութիւն յայտնեց, որ Լիբանան դուրս գալով իր ներկայ կացութենէն, այսինքն` կառավարութեան տագնապէն, մտնէ գոյացութեան տագնապի մէջ` նկատի ունենալով շրջանին մէջ տիրող պայմանները:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան վերաբերող նոր մօտեցումներուն եւ միտքերուն հաստատեցին, որ անոնք տակաւին իրենց սկզբնական հանգրուանին մէջ են, սակայն ներկայիս կը տիրէ դրական մթնոլորտ, որովհետեւ այդ մօտեցումներուն նկատմամբ որոշ ճկունութիւն մը կայ:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի հետ վարչապետին հանդիպումին` Միքաթիի աղբիւրները նշեցին, որ Քոնելլի հաստատած է, որ կառավարութեան կազմութեան մասին ամերիկեան վարչակազմը իր կեցուածքին վրայ կը մնայ, այսինքն` կը սպասէ կառավարութեան կազմին յայտարարութեան, որպէսզի իր գնահատականը տայ անոր:

 

Նախորդը

ԿԱՆԱՅԻ ՍՊԱՆԴԻ 15-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ, ԱՆՈՐ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.