Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի արտաքին քաղաքականութեան աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ երէկ կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ լիբանանցիները առեւանգած կողմերուն ազատ արձակելու բոլոր առեւանգեալները եւ վերջ տալու առեւանգումի մշակոյթին:
Հիւրմիւզլիւ հաստատեց, որ առեւանգումներու հարցը վատ ազդեցութիւն կը ձգէ շրջանին, իսլամական աշխարհին եւ Միջին Արեւելքի վրայ, ինչպէս նաեւ շրջանին նկատմամբ ատելութիւն կ՛առթէ:
Հիւրմիւզլիւ աւելցուց, որ թրքական իշխանութիւնները բարիք կը գործեն առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին գծով` նշելով, որ իրենց ջանքերը կարելի չէ միջնորդութիւն կոչել:
Ան խստիւ դատապարտեց առեւանգումները` նշելով, որ անոնք վախազդու են եւ իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կը ձգեն լիբանանցիներուն վրայ:


