Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան միացեալ կեդրոնին մէջ տեղի ունենալիք կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու զինեալ ուժերու սպայակոյտերու պետերու աշխատանքային խորհրդակցութեան մասնակցելու նպատակով երէկ Մոսկուա մեկնեցաւ Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին պիտի քննարկուին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան զինուորական ռազմական բաղադրիչի զարգացմանն առնչուող հարցեր:


