Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային հաւաքականը, որ երկրորդ անգամ ըլլալով մրցեցաւ Վրաստանի իր հասակակիցներուն դէմ, դարձեալ, սակայն այս անգամ քիչ մը աւելի ծանր պարտութիւն մը կրեց` 4-0 արդիւնքով:
Դաշտին տէրը իր չորս անպատասխան կոլերը նշանակեց 7-րդ, 25-րդ (փենալթիով) 52-րդ եւ 63-րդ վայրկեաններուն:


