Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 28 Օգոստոս 1962 )

August 28, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հետաքրքրական

Բազմամուսնութեան Մրցանակ

Ռոտեզիոյ ականաւոր բնակիչներէն Պալուվա Պեն Նկերա բազմակնութեան բոլոր մրցանիշները կոտրած է նոյնիսկ Ափրիկէի մէջ: Ամուսնացած է քսաներկու անգամ եւ ունեցած` 93 զաւակ: Պեն Նկերա, ամէն մէկ կնոջ ծնողքին, իբրեւ օժիտ, վճարած է, երկրի սովորութեանց համաձայն, տասնհինգ պարարտ կով, այսինքն ընդամէնը տուած է երեք հարիւր երեսուն կով:

Նոր Գործիք Մը

Վերջերս գերմանական գործատուն մը պատրաստած եւ հրապարակ հանած է շատ պարզ գործիք մը, որուն շնորհիւ որմնադիրներու գործը մեծապէս կը դիւրանայ: Այս պզտիկ մեքենան, որ կը գործէ ելեկտրական հոսանքով, պատրաստուած է ալիւմինիոմէ եւ շատ թեթեւ ու դիւրաւ գործածելի է: Այս մեքենայով որմնադիրները կրնան արագօրէն պատերուն վրայ բանալ ելեկտրական հոսանքի թելեր եւ կամ ջրաբաշխութեան խողովակները զետեղելու նեղ անցքեր: Նոյն մեքենայով կրնան բանալ նաեւ վառարաններու խողովակներու անցքը` մէկ սենեակէն միւսը: Մեքենային ծակիչը մէկ վայրկեանի մէջ 470 անգամ կը դառնայ եւ միայն կղմինտրով հիւսուած պատերը կրնայ ծակել:

Տարօրինակ Թաղում…

Ամէն տարուան նման, այս տարի ալ, Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած է աշխարհի ամէնէն տարօրինակ թաղումը, որուն մասնակցած են հազարաւոր ճափոնուհիներ: Այս թաղումը ճափոներէն կը կոչուի Հարիքույիս, եւ կոտրած կամ անգործածելի դարձած ասեղներու թաղումի արարողութիւնն է: Դերձակները, դերձակուհիները եւ տանտիկինները կը հաւաքեն բոլոր կոտրած եւ անգործածելի դարձած ասեղները, զանոնք գոյնզգոյն թուղթերով զարդարուած շիշերու կամ տուփերու մէջ կը դնեն ու կը տանին որոշ տաճար մը, ուր պուտտայական կրօնաւորներ զանոնք կ՛օրհնեն ամբողջ տարուան ընթացքին իրենց տէրերուն մատուցած ծառայութեանց համար: Ապա կը տանին ու կը թաղեն զանոնք:

 

Հայկական Կեանք

30 Հայ Գիտնականներ Մասնակցեցան
Մոսկուայի
Քաղցկեղի Համաժողովին

30 հայ գիտնականներ ու բժիշկներ մասնակցեցան Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող համաշխարհային հակաքաղցկեղային խնդիրներու համաժողովին:

Պատուիրակութեան ղեկավարն էր ակադեմիկոս Բ. Ֆանարջեանը, որուն ղեկավարութեան տակ կ՛աշխատի վերջերս Ամերիկա այցելող քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Սիմոն Պապոյեան:

Փրոֆ. Բ. Ֆանարջեան համաժողովի մէջ հանդէս եկաւ «Ստամոքսի քաղցկեղի կանխաքննութիւնը» նիւթին շուրջ խօսելով: Ուրիշ զեկոյցներ կարդացին` բժիշկ Կ. Բաղիկեան, Գ. Դանիէլեան: Խօսեցան նաեւ փրոֆեսէօրներ` Ի. Գէորգեանը, Ա. Ահարոնովը, Վ. Մալխասեանը, Ս. Զոհրաբեանը, Պ. Մարգարեանը, Ս. Աթանէսեանը եւ ուրիշներ:

Քաղցկեղի համաշխարհային քոնկրեսին ներկայ եղան 70 զանազան երկիրներու 5000 մասնագէտներ: Մամուլի տուած տեղեկութեանց համաձայն, Միացեալ Նահանգներէ այդ համագումարին մասնակցած են  քաղցկեղի մասնագէտ 1000 բժիշկներ, Խորհրդային Միութենէն` 1500 բժիշկներ:

Ֆրանսական Դեսպանատունը
Կը
Գնահատէ Էլմաճեանի Խումբը
Եւ
3 Կրթաթոշակ Կը Տրամադրէ

Տոքթ. Է. Էլմաճեան եւ իր խումբը, Պաալպէքի փառատօնին «ՕՐՖԷ» օփերայի երեք ներկայացումներէն ետք, որոնց ընթացքին կատարեալ յաջողութիւն մը արձանագրեցին, ընդունելութիւն մը կազմակերպած են ի պատիւ Փարիզի օփերայի երգչախումբի վարիչ Էլիզապէթ Պրասէօրի: Այդ հաւաքոյթին Պրասէօր, իր քաջալերանքի խօսքերէն ետք, թելադրեց, որ խումբը պահէ իր կազմը եւ «օրաթորիօ»-ներ տայ, եւ յայտարարեց, թէ ֆրանսական դեսպանատան մշակութային կցորդը խումբին ունեցած յաջողութենէն խանդավառուած` երեք կրթաթոշակ տրամադրած է, որպէսզի երեք խոստմնալից երիտասարդներ Փարիզ մեկնին եւ մշակեն իրենց ձայնը:

 

Բժիշկին Սիւնակը

Հայաստանի «Առողջապահութիւն»
Պարբերաթերթը

Երկար ժամանակէ ի վեր կը փափաքէի գաղափար մը կազմել Խորհրդային Հայաստանի բժշկա-առողջապահական վիճակին մասին:

Փափաքս կատարուեցաւ վերջերս, երբ ձեռքս անցաւ Հայաստանի մէջ հրատարակուող «Առողջապահութիւն»-ի մարտ-ապրիլ թիւը, որուն մէջ յօդուած մը ունի քրոջս որդին` Պ. Ֆիլեանը:

66 էջնոց պատկերազարդ այդ պարբերաթերթին մէջ յօդուածներ ունին բազմաթիւ հայ բժիշկներ, որոնք գրած են սրտցաւօրէն` յօգուտ իրենց բժիշկ ընթերցողներուն եւ ընդհանուրին: Գրած են անոնք, սակայն` այնպիսի ոճով եւ լեզուով, որ տեղ տեղ անհասկնալի են, որովհետեւ անոնք թողլով շատ մը գիտական բառերու հայերէն հոմանիշները, խճողած են իրենց գրութիւնները ռուսական բառերով: Անշուշտ իբրեւ բժիշկ` ես կրցայ հետեւիլ այդ բառերուն` առանց ռուսերէն գիտնալու: Բայց կը խնդրեմ իմ արուեստակից գրողներէն ըսել, թէ Մարկոս-Կիրակոսը ինչպէ՞ս պիտի հասկնայ «Պլեւրիդը` պլեւրայի վիսցերալ եւ պարիետալ թերթիկներէ բորբոքումը…» պարբերութիւնը: Հայերէնը ճոխ բառամթերք ունի: Պլեւրան թոքին մաշկն է, իսկ պլեւրիդը` թոքամաշկատապ:

Ըսած էի, թէ Ռուսիոյ մէջ կին բժիշկներուն թիւը 80 տոկոսի կը հասնի: Հայաստանի մէջ ալ այդպէս է եղեր: Առողջապահութիւն պարբերաթերթը կը գրէ, թէ ներկայիս Հայաստանի 4474 բժիշկներէն 3035-ը, այսինքն ութսուն տոկոսը կիներ են: Ասոնցմէ չորսը «տոքթոր-փրոֆեսէօր»-ներ են, եւ կը ղեկավարեն ամպիոններ: Ասոնք են բժիշկներ` Աշխէն Յարութիւնեան, Վերգինէ Միքայէլեան, Ալմա Քաթանեան եւ Ռոզա Չմշուդովա:

Հետաքրքրական յօդուածներ ունին` բժիշկներ Է. Կարապետեան, Ս. Գէորգեան, Ա. Սամարեան, Վ. Աւագեան եւ այլն: Նիւթերն ալ հետաքրքրական են: Օրինակ` Ա. Մեհրաբեանին «Վիրուսային գրիբից առաջացած նեւրահոգեկան խանգարումները» յօդուածը:

Սիրելի փրոֆեսէօր, ինչո՞ւ կը գրէք նեւրահոգեկան բարդ բառը, որուն միայն վերջին կէսը հայերէն է: «Տղամարդոց անպաղութեան հարցին շուրջը» յօդուածը, գրուած` բժ. Ա. Ասմարեանի կողմէ, գովեստի արժանի է, որովհետեւ գրեթէ զուտ հայերէնով գրուած է: Փակագծի մէջ առած է ան զուտ գիտական օտար բառերը:

Յամենայն դէպս գովասանքի արժանի է մեր բժիշկներուն կողմէ կազմուած «Առողջապահութիւն» պարբերաթերթը: Երանի թէ արտասահմանի հայ բժիշկներուն ալ տեղ տրուէր այդ հրատարակութեան մէջ:

ԲԺ. Ա. ԱԲԷԼԵԱՆ

 

Նախորդը

Ակնարկ. «Միջնորդական» Առաջարկներ

Յաջորդը

Բժշկագիտական. Թոքերուն Մէջ Խոզանակի Նմանող Բարակ Խաւի Մը Յայտնաբերումը Կրնայ Նպաստել Թոքերու Հիւանդութեան Դէմ Պայքարող Արդիւնաւէտ Միջոցներու Ստեղծման

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.