Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 27 Օգոստոս 1962 )

August 27, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական
Դպրոց-Բանակումը

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Սկաուտական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, սկաուտական երրորդ բանակում-դպրոցը բացուեցաւ անցեալ շաբաթ օր, 25 օգոստոս, Շուէյրի անտառին մէջ:

Երրորդ բանակում-դպրոցի գլխաւոր նպատակն է պատրաստել սկաուտ խմբապետներ, որոնք ի վիճակի պիտի ըլլան սկաուտական նոր խումբեր կազմելու եւ նպաստելու սկաուտական կեանքի մակարդակի բարձրացման:

Բանակումին կը մասնակցին Լիբանանի հինգ շրջաններու` Պէյրութ, Պուրճ Համուտ, Այնճար, Թրիփոլի եւ Զահլէի, ինչպէս եւ Յորդանանի երկու շրջաններու` Երուսաղէմի եւ Ամմանի սկաուտ եւ գայլիկ բոլոր բարձր աստիճանաւորները, որոնք աւել քան շաբաթ մը պիտի հետեւին Կեդրոնական խորհուրդին, պատրաստած դասախօսութեանց` գործնական եւ տեսական բոլոր աշխատանքներու գիտական, առողջապահական, պատմական նիւթերուն համար: Հրաւիրուած են որակաւոր բժիշկներ եւ մասնագէտ ուսուցիչներ, որոնք սիրով ընդունած են օրին բարձրանալ բանակավայր եւ դասախօսել սկաուտներուն:

Հ ՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, առաջին բանակում-դպրոցը կայացաւ Զմմառ, 1959-ին, երկրորդը` Քեսապ, 1960-ին: Այս բանակում-դպրոցներէն վկայուած աւելի քան 35 սկաուտ աստիճանաւորներ արդէն իրենց շրջաններուն մէջ կը գործեն պատասխանատու աստիճաններով: Երրորդ բանակում-դպրոցը պիտի գայ մասնակցողները օժտելու միջազգային սկաուտութեան խմբապետներու թեքնիք կարողութիւններով եւ ՀՄԸՄ-ի ոգիին համապատասխան գործելակերպով:

Լիբանանի կրթական նախարարութեան մարզա-սկաուտական տնօրէնութիւնը, ինչպէս եւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնը մեծ գոհունակութեամբ վաւերացուցած են այս ձեռնարկը եւ խոստացած` միութեան եղած յատկացումներու բաժնին վրայ ՀՄԸՄ-ին յաւելեալ նիւթական յատկացում մը կատարել դաստիարակչական այս գործին համար:

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Սկաուտական խորհուրդին այս ծրագիրը, որ երրորդ անգամ ըլլալով կը գործադրուի, այս տարի իրագործուեցաւ նաեւ Լիբանանի ֆետերասիոնին կողմէ Լիբանանի բոլորի միութեանց մասնակցութեամբ: ՀՄԸՄ-ի կողմէ մասնակցեցան երկու երէցներ` եղբայրներ Յարութիւն Հապէշեան եւ Լեւոն Սարգիսեան: Չորս սկաուտներ` եղբայրներ Օժեն Ալահայտոյեան, Վահէ Վարդապետեան, Արա Սարգիսեան եւ Գրիգոր Յակոբեան, ինչպէս նաեւ եղբայր Պերճ Ճամպուլեան` գայլիկներէն: Մասնակցող բոլոր եղբայրներն ալ, հակառակ դասախօսութեան արաբերէն լեզուով կատարողին, կրցան պատուաւոր արդիւնքներու հասնիլ եւ գնահատուիլ բարձրաստիճան խմբապետներու կողմէ:

ՍԿԱՈՒՏ

Հայկական Կեանք

Միւնիխի Գաղութը
200
Հոգիէ Կը Բաղկանայ

Ծրագրուած Է Եկեղեցի Մը
Շինել
Եւ Դպրոց Բանալ

Արեւմտեան Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ հիմնուեցաւ հայկական նոր գաղութ մը: Նորաստեղծ այս համայնքը արդէն ունի իր վարչութիւնը, որուն մաս կը կազմեն հայրենասէր, գործունեայ, զանազան մասնագիտութեան տէր մարդիկ: Համայնքը կոչուած է նպաստելու գլխաւորաբար Միւնիխի մէջ բնակող երկու հարիւրէ աւելի հայերու մշակութային, կենցաղային, բարոյական պահանջներու բաւարարման գործին:

Պէտք է նշել, որ նորաստեղծ հայկական այս համայնքը գրեթէ ութսուն տոկոսով բաղկացած է երիտասարդներէ, որոնք տարբեր երկիրներէ եկած են Արեւմտեան Գերմանիա` ուսանելու եւ կամ զանազան մասնագիտութիւններ ձեռք բերելու նպատակով:

Գաղութի վարչութեան ներկայացուցիչին հաղորդումով` ծրագրուած է Միւնիխի մէջ կառուցել փոքրիկ եկեղեցի մը, որուն կից պիտի բացուի նաեւ դպրոց, մասնաւորաբար` հայոց լեզուի համար:

«Արժանի Պատիժ»

«Երեւան» օրաթերթի օգոստոս 8-ի թիւին մէջ, այս խորագրին տակ կ՛երեւայ դատավճիռ մը, որուն ամփոփումը կու տանք ստորեւ.

Հայաստանի Գերագոյն դատարանի քրէական գործերու դատական կազմը, նախագահի տեղակալ Գ. Ա. Թադեւոսեանի նախագահութեամբ, պետական մեղադրող, Հայաստանի դատախազին առաջին տեղակալ Եու. Ս. Ղուկասեանի մասնակցութեամբ, յունիս 5-էն մինչեւ յուլիս 9 քննարկեց գործը ըստ մեղադրանքի ընդդէմ հետեւեալ քաղաքացիներուն. Գ. Հ. Նարգիզեան, Ն. Գ. Մխիթարեան, Զ. Ա. Նարգիզեան, Ի. Հ. Նալբանդեան, Խ. Վ. Փոլադեան, Հ. Հ. Նարգիզեան, Գ. Ս. Գիոզալեան, Վ. Ս. Զառացեան, Ս. Հ. Մակարեան, Գ. Ս. Դաւթեան, Գ. Ս. Թագուորեան, Ա. Հ. Կիւրեղեան: Դատաքննութեամբ, մեղադրեալներու եւ վկաներու ցուցմունքներով, ինչպէս նաեւ իրեղէն ապացոյցներով հաստատուեցաւ, որ վերոյիշեալ անձերը խախտած են տարադրամի գործառնութեանց կանոնները` շահ դիզելու նպատակով:

Տարիներ շարունակ եւ յարատեւաբար, մեծ քանակով ըլլա՛յ իրարմէ, ինչպէս նաեւ օտար երկիրներէ այցելու եւ ուսանողներէ, խորհրդային քաղաքացի անհատներէ` Երեւան, Թիֆլիս, Սոխում, Մոսկուա, Ռիկա եւ Խ. Միութեան ուրիշ քաղաքներու մէջ գնած են արտասահմանեան երկիրներու դրամ, ոսկեդրամ, լոնոսկի, ակնեղէն ու ոսկեղէն, զորս վաճառած են շահամոլական գիներով:

Դատաքննութեամբ հաստատուած է, որ մեղադրեալ յանցագործները, բացի տարադրամի վերաբերեալ ապօրինի ներքին առուծախէ, մեղսակից եղած են նաեւ մաքսանենգ արարքներու արտասահմանէն եւ դէպի արտասահման, կարգ մը իրէններով եւ ապրանքներով:

Դատական կազմը լիովին ապացուցուած նկատելով ներկայացուած մեղադրանքները` Հայաստանի քրէական օրէնսգրքի 83-րդ յօդուածի Բ. մասով վճռեց. Գ. Հ. Նարգնզեան եւ Ն. Գ. Մխիթարեան` գնդակահարութիւն: Միւս յանցապարտներուն ահմար` 3-10 տարի ազատազրկում եւ բռնագրաւում բոլոր մեղադրեալներուն անձնապատկան գոյքերուն:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 21-ամեակի Ձեռնարկներու Կազմակերպման Յանձնախումբի Նիստի Գումարում

Յաջորդը

Մարդկային-Ընկերային Ընտրանքներ. Տան, Պատկանելիութեան Եւ (Չ)Մեծնալու Մասին

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.