Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՄԻՍԸ ՄԷԿ ԱՍՓԻՐԻՆ ԳՈՐԾԱԾԵԼԸ ԿԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆԷ ՇԱՐՈՅՐԻ ՔԱՂՑԿԵՂԻ ՅԱՌԱՋԱՑՄԱՆ ՎՏԱՆԳԻՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2011
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապրիլի սկիզբը «Մայօ քլինիք»ի մասնագէտներուն կողմէ նախաձեռնուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ ամիսը միայն մէկ ասփիրին գործածելը կրնայ ուշագրաւ կերպով նուազեցնել շարոյրի քաղցկեղի յառաջացման վտանգին տարողութիւնը` անկախ ասփիրինին ունեցած տարողութենէն:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ տարբեր տարողութեամբ ասփիրինը 26 – 35 առ հարիւր համեմատութեամբ նուազեցուցած է շարոյրի քաղցկեղի յառաջացման վտանգին տարողութիւնը:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող մասնագէտ տոքթ. Զիանկ Լին Թան ըսած է, թէ նման ուսումնասիրութիւն մը յաւելեալ կը հիմնաւորէ նախապէս շարոյրի քաղցկեղին յառաջացման վտանգը կասեցնելու գործընթացին վրայ ասփիրինին ունեցած ազդեցութիւնը ցոյց տուող ուսումնասիրութենէ մը ձեռք ձգուած արդիւնքները:

Միւս կողմէ, սակայն, տոքթ. Թան նշած է, թէ նման ուսումնասիրութենէ մը ձեռք ձգուած արդիւնքները չեն նշանակեր, թէ մարդիկ պէտք է անխտիր ամիսը անգամ մը ասփիրին առնեն, այլ ան յանձնարարած է, թէ անոնք նոյնիսկ նման յաճախականութեամբ ասփիրինի գործածութեան կապակցաբար իրենց առողջական վիճակին հետեւող  մասնագէտներուն կարծիքը առնեն` նկատի ունենալով, որ ասփիրինը իր ունեցած տարբեր օգտակարութիւններուն առընթեր, ունի նաեւ իր կարգ մը ժխտական ազդեցութիւնները:

ԱՍՓԻՐԻՆԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԱԶՈՒՄ`
ԾԽՈՂՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏ

Մասնագէտները ուսումնասիրած են 2004-2010 թուականներուն «Մայօ քլինիք» այցելած շարոյրի քաղցկեղ ունեցող ինն հարիւր չորս հիւանդներու առողջական թղթածրարները, ինչպէս նաեւ` աւելի քան հազար երկու հարիւր քսան առողջ մարդոց թղթածրարները, սակայն անոնք իրենց ուսումնասիրութեան մասնակից դարձուցած են նշեալ մարդոցմէ նուազագոյնը յիսունհինգ հոգի:

Այսուհանդերձ, ուսումնասիրութեան մասնակցողները ամբողջացուցած են յատուկ հարցաթերթիկներ, որոնց միջոցով մասնագէտները փորձած են հետեւիլ 41-60 տարեկանին անոնց գործածած ասփիրինին յաճախականութեան, ինչպէս նաեւ` սթերոյտ չպարունակող բորբոքումի դէմ պայքարող դեղահատերու գործածութեան յաճախականութեան:

Մասնագէտները գտած են, թէ անոնց մօտ, որոնք ամիսը նուազագոյնը մէկ ասփիրին գործածած են, ուշագրաւ կերպով նուազած է շարոյրի քաղցկեղի յառաջացման վտանգին տարողութիւնը` նոյնիսկ նկատի ունենալով հանդերձ քաղցկեղին յառաջացման հետ առնչուած կարգ մը ազդակներ, ինչպէս, օրինակ, ծխելն ու մարմնին ծանրութիւնը:

Մասնագէտները յայտնած են նաեւ, թէ անոնց մօտ, որոնք նախապէս ծխող եղած են եւ ատեն մը ետք հրաժարած են ծխելէ, շատ աւելի արդիւնաւէտ եղած է ասփիրինին գործածութիւնը, քան` անոնց մօտ, որոնք շարունակած են ծխելը:

Ինչ կը վերաբերի սթերոյտ չպարունակող բորբոքումի դէմ պայքարող դեղահատերուն, ապա մասնագէտները յայտնած են, թէ անոնք որեւէ ուշագրաւ ազդեցութիւն չեն ունեցած շարոյրի քաղցկեղին յառաջացման վտանգին նուազեցման վրայ:

ԱՌՈՂՋ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊԸ ՈՒՆԻ
ԻՐ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Այլ մասնագէտ մը` տոքթ. Մայքըլ Չոթի ըսած է, թէ նախապէս կատարուած այլ ուսումնասիրութիւն մը եւս ցոյց տուած է, թէ ասփիրինը ունի որոշ դերակատարութիւն տարբեր տեսակի քաղցկեղներու յառաջացման վտանգին կասեցման գործընթացին մէջ: Միւս կողմէ, սակայն, ան անհրաժեշտ գտած է կատարել յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ` ճշդելու համար նշեալ գործընթացին վրայ ասփիրնին ունեցած դերակատարութեան մանրամասնութիւնները:

Տոքթ. Չոթի նշած է նաեւ, թէ մարդիկ, որոնք կանոնաւոր յաճախականութեամբ ասփիրին կը գործածեն  գլխաւորաբար սրտի հիւանդութեան հետ առնչուած պատճառներով, արդէն իսկ կը հետեւին առողջարար ապրելակերպի, այսպէս օրինակ, անոնք չեն ծխեր, սննդարար ուտելիքներ կը սպառեն, ինչպէս նաեւ կը հետեւին յատուկ մարմնամարզի: Հետեւաբար նշեալ մարդոց պարագային կարելի չէ. միայն ասփիրնին վերագրել քաղցկեղներու յառաջացման վտանգին կասեցումը` նկատի ունենալով, որ նշեալ գործընթացին մէջ անոնց ունեցած ապրելակերպը եւս ունի իր դերակատարութիւնը:

Առողջապահական էջը պատրաստեց՝
ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Հելթ տէյ», «Պի. Պի. Սի.» եւ «Ա. էֆ. Փէ.»)

Նախորդը

ՅԱՆՁՆԱՐԱՐՈՒԱԾ ՔԱՆԱԿՈՒԹԵՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ԽՄՈՒԱԾ ԱԼՔՈԼ ՊԱՐՈՒՆԱԿՈՂ ԽՄԻՉՔՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ՏԵՍԱԿԻ ՔԱՂՑԿԵՂՆԵՐՈՒ ՅԱՌԱՋԱՑՄԱՆ ՎՏԱՆԳԻՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ԹՈՒՐՔԱԿԱՆ ՆՈՐՕՍՄԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ՇՈՒՐՋ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.