Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարտինի Հայկական Եկեղեցին Նիւթական Միջոցներու Բացակայութեան Պատճառով Չի Վերանորոգուիր

August 24, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էւրենսել» օրաթերթը կը գրէ, որ Մարտինի Քըզըլթեփէ շրջանին մէջ գտնուող հայկական Ս. Գէորգ եկեղեցին, որ տարիներ շարունակ իբրեւ պահեստանոց ծառայած է, քանի մը տարի առաջ վերադարձուած էր հայ կաթողիկէ համայնքին, սակայն այստեղէն ալ տեղեկացուցած են, որ իրենք եկեղեցւոյ վերակառուցման համար բաւարար միջոցներ չունին:

Եկեղեցւոյ պահակը` Ատիլ Օք պատմած է, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան գոյութեան ամբողջ ընթացքին եկեղեցին իբրեւ պահեստանոց ծառայած է: «Այս եկեղեցին փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ համակարգին ունեցած վերաբերմունքին լաւագոյն վկայութիւնն է», ըսած է ան:

Երկար տարիներ Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան կողմէ իբրեւ պահեստանոց օգտագործուած եկեղեցին այժմ կիսաւեր է:

Օրաթերթը կը գրէ, որ 2007-ին Մարտինի հայ կաթողիկէ համայնքին յանձնուած եկեղեցին չի վերակառուցուիր` նիւթական միջոցներու բացակայութեան պատճառով: Այժմ եկեղեցին փլուզման վտանգի տակ է:

Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կառուցման թուականը յայտնի չէ, սակայն Անատոլուի մէջ գտնուող բազմաթիւ եկեղեցիներու նման ոչնչացման դատապարտուած է:

Հայկական հիմնադրամին յանձնուած եկեղեցին չէ վերակառուցուած, սակայն անոր փլուզումը կանխարգիլելու համար տանիքին վրայ որոշակի աշխատանքներ կատարուած են:

Եկեղեցին բացայայտուած էր շնորհիւ գրող, հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքոլուի` անոր շրջան կատարած այցելութեան ընթացքին:

2004-էն սկսեալ պաշտպանութեան տակ առնուած եկեղեցին վերանորոգելու որոշումը տրուած է, սակայն մինչեւ որոշումին գործադրութիւնը եկեղեցւոյ պահակը 7 մեթրնոց փոս փորած է եւ գանձ փնտռած, ինչ որ աւելի վատթարացուցած է արդէն իսկ փլուզման վտանգի տակ գտնուող եկեղեցւոյ վիճակը:

 

Նախորդը

Դէպքերը Պատճառեցին 11 Զոհ Եւ 80 Վիրաւոր Թրիփոլիի Հեղինակութիւնները Կացութիւնը Հակակշիռի Տակ Առնելու Քայլերու Կը Դիմեն

Յաջորդը

Կարսի Մզկիթի Վերածուած Ս. Առաքելոց Եկեղեցւոյ Դռները Միայն Նամազի Ժամերուն Կը Բացուին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.