Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 24, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին սփռած այն տեսագրութեան տեղեկութիւնները, ըստ որոնց Հարիրի նիւթական հսկայ գումարի նուէր մը ստացած է Սէուտական Արաբիայէն եւ Քաթարէն: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ «Էլ. Պի. Սի.»-ի տնօրէն Փիեռ Տահեր ինքզինք զետեղած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տրամադրութեան տակ: Աւելի ուշ, Փիեռ Տահեր հաստատեց, որ կայանը կառչած կը մնայ իր ներկայացուցած ստոյգ տեղեկութիւններուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ սուրիական յստակ ծրագիրներ կան Լիբանանի մէջ համայնքային սադրանքներ հրահրելու, իսկ սիւննի-շիի սադրանքներուն պարագան երբեք Հըզպալլայի ի նպաստ պիտի չըլլայ: Ան շեշտեց նաեւ, որ ոչ մէկ պատճառ կայ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իր պարտականութեան մէջ ձախողած կառավարութեան աշխատանքին շարունակութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Խալտուն Շերիֆ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները այս կամ այն ձեւով կապուած են Սուրիոյ իրադարձութիւններուն հետ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ շատ վտանգաւոր են այն յայտարարութիւնները, որոնք կ՛ակնարկեն 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները ջնջելու հաւանականութեան:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Ռիատ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կը նկատէ նախապատրաստութիւն` հաւանական պատերազմի մը, որ պիտի բռնկի Սուրիոյ եւ Հըզպալլայի կողմէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզը, որուն հետ քննարկեց բարգաւաճման եւ մարդասիրական շարք մը հարցեր:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Քայիտան միջամուխ դարձած է Թրիփոլիի բախումներուն` դէմ դնելու համար Հըզպալլայի, Սուրիոյ եւ Իրանի ուժերուն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, անցեալ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցաւ Հըզպալլայի պատմութեան մէջ ամէնէն ընդարձակ ռազմափորձը, որ տեւեց երեք օր եւ որուն մասնակցեցան Հըզպալլայի տասը հազար մարտիկներ, որոնք կը կոչուին «Մասնայատուկ ուժեր»: Ըստ նոյն օրաթերթին, ռազմափորձին ընթացքին կիրարկուեցաւ նաեւ վերին Գալիլիան գրաւելու նախապատրաստական փորձը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր իր դէմ կատարուած բողոքի ցոյցին եւ իր հրաժարականը պահանջողներուն մասին հարցումի մը պատասխանեց ըսելով, որ ինք որոշած է զանոնք անպատասխան ձգել` առիթ տալով անոնց, որ յաւելեալ բողոքներ արձանագրեն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը Թրիփոլիի մէջ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի մարտական ղեկավարներուն միջեւ երկխօսութեան նախաձեռնութիւններ կը կատարէ` հեռու քաղաքական ուժերէն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Էլիաս Սքաֆ յայտնեց, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ինք կը մերժէ դաշնակցիլ անվստահելի անհատներու հետ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը եւ վարչապետը ուղղակիօրէն եւ ամբողջական կերպով կապուած են սուրիական վարչակարգին:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ տագնապը կրնայ վարակել Լիբանանը եւ խախտել անոր ապահովական կայունութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր յայտնեց, որ պահանջուածը Լիբանանի պաշտպանութիւնն է արտաքին տագնապներէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է պահպանէ

լիբանանեան պետութեան հեղինակութեան մնացորդացը, այլապէս ան պէտք է իսկոյն հրաժարի:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Թուֆիքի առաքելութեան աւարտին առիթով սարքեց ընթրիք մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ եւ Թուրքիոյ դեսպաններ Թոմ Ֆլեչըրն ու Ինան Էօզեըլտըզը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունեցած հետեւանքը կարելի է նկատել:

 

Նախորդը

Թուրք-Քրտական Զինեալ Բախում Մը 21 Զոհ Կը Պատճառէ

Յաջորդը

Մերեհպիի Անձեռնմխելիութիւնը Ջնջելու Պահանջ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.