Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Կը Ծանօթանայ Երեւանի Ճանապարհաշինարարական Աշխատանքներուն

August 23, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ուղեկցութեամբ այցելեց մայրաքաղաքի Ծովակալ Իսակովի պողոտան Լենինկրատեան փողոցին կապող մայրուղիի կառուցման հրապարակ եւ ծանօթացաւ իրականացուող աշխատանքներու ընթացքին:

Քաղաքապետը հանրապետութեան նախագահին զեկուցեց վերոնշեալ եւ Երեւանի մէջ 2012 թուականին իրականացուող ճանապարհաշինարարական այլ ծրագիրներու ընթացքին վերաբերեալ` ներկայացնելով նաեւ մայրաքաղաքի ճանապարհաշինարարական հեռանկարային ծրագիրները: Նշուեցաւ, որ Երեւան քաղաքի 2005-2020 թուականներուն գլխաւոր յատակագիծով նախատեսուած` Երեւանի օղակաձեւ արագընթաց մայրուղիի բաղկացուցիչ մաս կազմող Ծովակալ Իսակովի պողոտան Լենինկրատեան փողոցին կապող մայրուղիի կառուցումը նպատակ ունի թեթեւցնել երթեւեկութեան հոսքերը դէպի քաղաքի կեդրոնական հատուածը: Իբրեւ արդիւնք` զգալիօրէն կը նուազի Լենինկրատեան փողոցի, Ծիծեռնակաբերդի խճուղիի, Աթէնքի փողոցի, Իսակովի պողոտայի երթեւեկութիւնը, միաժամանակ կ՛ապահովուի Քիեւեան կամուրջէն անմիջական երթեւեկութիւն դէպի Իսակովի պողոտայ:

Մայրուղիին զուգահեռ կը նախատեսուի ջրատարի, հեղեղային եւ կենցաղային կոյուղիի, կազատարի եւ արտաքին լուսաւորութեան, կապի ստորգետնեայ հաղորդակցուղիներու տեղադրում:

Նախագահին զեկուցուեցաւ, որ 20 օգոստոս 2012-ի դրութեամբ իրականացուած են շինարարական աշխատանքներուն շուրջ 60 առ հարիւրը եւ հողային աշխատանքներուն` 80 առ հարիւրը: Մայրուղիի շինարարութեան աւարտին ժամկէտը սահմանուած է 1 փետրուար 2013-ը:

Երեւանի մէջ 2012-ին նախատեսուած ճանապարհաշինարարական այլ ծրագիրներու ընթացքին վերաբերեալ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի զեկուցման համաձայն, ներկայիս աշխատանքներ կ՛իրականացուին Ուլնեցի-Ռուբինեանց փողոցներուն միջեւ ճամբու կառուցման եւ Հալապեան-Աբէլեան փողոցներու քառուղիի վերակառուցման ուղղութեամբ, իսկ Սիլիկեան եւ Ծարաւ Աղբիւր փողոցներու վերակառուցման, ինչպէս նաեւ Արամի եւ Բուզանդի փողոցներու կառուցման աշխատանքները արդէն աւարտած են:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ցաւակցութիւն Կը Յայտնէ Եթովպիոյ Եկեղեցւոյ Պատրիարքին Մահուան Առիթով

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի 85-ամեակի Նշում` Ստեփանակերտի Մէջ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.