Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փռնգտալ-Փռնգտուք. Sneezing

August 23, 2012
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ   

Ակամայ, յանկարծակի եւ սաստիկ կծկումով  թոքերու օդի արտահանումը  դէպի բերան եւ քիթ կը կոչուի փռնգտալ (sneez):

Փռնգտալով` կ՛արտադրուի ձայն մը, որ կը կոչուի փռնգտուք (sneezing): Բոլոր լեզուներու մէջ փռնգտուքը ունի յատկանշական ձայնարկութիւններ, այսպէս` աչու, ապչու, ադչու, հափչու:

Փռնգտալու հոմանիշներ կամ գոյականներն են` փռնգտոց, փռնգտուք:

Քունի մէջ մարդ ընդհանրապէս չի փռնգտար:

Փռնգտուքի ուժգնութիւնը եւ փռնգտալու թիւը, յաճախականութիւնը ու երկարութիւնը կը տարբերին անձէ անձ` ըստ գրգռիչ ազդակին զօրութեան եւ տեւողութեան:

Ամէն մարդ կը փռնգտայ: Անիկա կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի, նոյնիսկ նորածինը կը փռնգտայ:

Կարգ մը ընկերութիւններու մօտ փռնգտալը նկատուած է առողջութեան նշան, եւ այդ իսկ պատճառով փռնգտացող անձին մօտ գտնուողը կը հակադարձէ ըսելով` «Անուշ ըլլայ»:

Փռնգտալով` կ՛արտահանուի նաեւ քիթի խլնաթաղանթային հեղուկը եւ երբեմն ալ` բերնի լորձունքը:

Դժբախտաբար անոր միջոցով կը տարածուին կարգ մը հիւանդութիւններ: եթէ անձը արդէն վարակուած է շնչառական համակարգի հիւանդութիւններով:

Գիտական-բժշկական ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած  են, որ շնչառական համակարգի վերին եւ վարի անցքերու միջեւ գոյութիւն ունի որոշ անդրադարձութիւն (response) մը` արտաքին գրգիռի մը (stimulus) գոյութեան պարագային:

Փռնգտալու հիմնական պատճառը քթախլնաթաղանթի (nasal mucosa) զարկերակային ցանցին գրգռութիւնն է: Որեւէ մէկ մեղմ գրգռիչ ազդակ կը յառաջացնէ փռնգտուք, իսկ աւելի զօրաւոր գրգռիչ ազդակներ կը յառաջացնեն սրտի զարկի դանդաղացում կամ շնչադադար:

Քթախլնաթաղանթի գրգռութեամբ մարմինին մէջ կ՛արտադրուի հիսթամին կոչուած նիւթը: Հիսթամին-ը կը գրգռէ քիթի վերնամասի ջիղերուն ծայրամասերը, որոնք ուղեղին կը փոխանցեն որոշ տեղեկութիւններ: Ուղեղը ստանալէ ետք այս տեղեկութիւնները, կը հրահանգէ կոկորդի եւ շնչափողի մկաններուն, որպէսզի քիթը եւ բերանը առաւելագոյն չափով բացուին եւ թոքերուն օդը զօրաւոր հոսքով ուղղուի դէպի քիթ ու բերան, եւ ապա արտաքին աշխարհ:

Վերոյիշեալ գործընթացին հետ տեղի կ՛ունենան հետեւեալ բնախօսական երեւոյթները.

1. Դէմքի, կոկորդի եւ կրծքավանդակի մկանները կը պրկուին,

2. Աչքերը կը գոցուին կոպերու միացումով,

3. Աչքի մկանները կը պրկուին եւ կը ճնշեն ակնագունդին (eye bal) ու ցանցենիին (retina) վրայ: Այս պատճառներով շատ մը անձեր փռնգտալու ընթացքին աստղեր եւ շարժող փայլուն կէտեր տեսնելու, ինչպէս նաեւ տեսողական խանգարումներու խաբկանքը կ՛ունենան: Այս բոլորը ժամանակաւոր եւ անցողակի են:

Կան տարբեր-տարբեր գրգռիչ ազդակներ, որոնք փռնգտալու անմիջական  պատճառներ նկատուած են:

Այս գրգռիչ ազդակներն են.

1. Քիմիական ազդակներ.

ա. Կազեր,
բ. Հաճելի եւ անհաճոյ հոտեր,
գ. Հականեխիչներ եւ օճառներ,

2. Մեքենական-հարուածային ազդակներ.

ա. Քիթի արտաքին հարուած,
բ. Քիթի ներքին հարուած, որ կը յառաջանայ ընդհանրապէս ներքնաքիթը մաքրելով,

3. Մթնոլորտային ազդակներ.

ա. Օդի ջերմաստիճանի փոփոխութիւն, մասնաւորապէս` ջերմանուազում,
բ. Զօրաւոր օդի հոսանք,
գ. Զովացուցիչ (A/C), օդափոխիչ (ventilating) եւ խոնաւացուցիչ (humidifying)  կազմածներու գործածութիւն,
դ. Շոգի եւ մշուշ,
ե. Զօրաւոր լոյս եւ արեւու ճառագայթ.

4. Այլ ազդակներ`

ա. Բուրդ, բամպակ,
բ. Կատուի եւ շունի մազերը,
գ. Թռչուններու փետուրները,
դ. Անասուններու մորթը եւ մազերը,
ե. Բեղմնափոշի (pollen).

5. Հիւանդութիւններ`

ա. Քթաբորբ ((rhinitis),
բ. Քիթի գերզգայնութիւն (allergic rhinitis),
գ. Հարբուխ եւ կրիփ,
դ. Օտար մարմինի մը գոյութիւնը քիթին մէջ.

Կրնա՞նք արգելք հանդիսանալ փռնգտալուն: Այո՛, կրնանք:

Հիմնականօրէն շատ չփռնգտալու համար հեռու պէտք է մնալ վերոյիշեալ բոլոր գրգռիչ ազդակներէն եւ պէտք չէ վարակուինք վերը յիշուած հիւանդութիւններով:

 

2012

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Պէյրութ, Տուպայ, Կիպրոս, Հայաստան «Գողգոթայից» Մինչեւ «Տիգրան Մեծ» (Ճամբորդական Յուշագրութեան Էջերից)

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.