Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

April 18, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՈՐԾԱՎԱՐ վարչապետ Սաատ Հարիրի անձնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ռիատ:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ գործավար նախարար

Մոհամետ Ռահհալ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը Հըզպալլան եւ անոր դաշնակիցները պատասխանատու կը նկատէ որեւէ հաւանական ապահովական խախտումի:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքն ու անոր անդամ երեսփոխան Ժամալ Ժարրահը դրամով եւ զէնքով կը սնուցեն Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւնները:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասան Մնայմնէ հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը չի միտիր Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Պքերքէի մէջ վաղը տեղի ունենալիք քառակողմ հանդիպումը` քրիստոնեայ համայնքին նկատմամբ առաջադրուած բարիքի եւ յոյսի նախաձեռնութիւն մըն է:

ՊԵՏԱԿԱՆ գործավար նախարար Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն շեշտեց, որ ընտրական նոր օրինագիծին առումով անհրաժեշտ է որդեգրել համամասնականութեան վրայ հիմնուած օրէնքը. ան ընդգծեց նաեւ, որ պէտք է անպայման ապահովել Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութիւնը:

ՍՈՒՐԻՈՅ արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրին եւ Մուսթաքպալ հոսանքը ամբաստանեց Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը խախտելու յանցանքով: Նշենք, որ Սուրիոյ միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն շեշտեց, որ կայ լիբանանեան խմբաւորում մը, որ իր հրահրած յարանուանական սադրանքները Թրիփոլիէն դէպի այլ երկիրներ կը փոխադրէ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթ. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ իրեն համար անհասկնալի են այն դրդապատճառները, որոնք կ՛ուշացնեն կառավարութեան կազմութիւնը»:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ իրենք արդէն իսկ Հըզպալլայի հետ համաձայնութիւն մը ստորագրած են` Լիբանանը քրիստոնեայ իր համայնքէն չպարպելու իմաստով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակին ուղղաթիռները այսօր` 18 ապրիլէն 20 ապրիլ երեկոյեան ժամը 7:30-էն ետք թռիչքներ պիտի գործեն Լեռնալիբանանի, Պեքաայի եւ հիւսիսային Լիբանանի վերեւ:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ներքին գործոց նախարարութենէն պիտի չհրաժարի, բացի եթէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ անձամբ ստանձնէ այդ նախարարութիւնը:

ՌՈՒՍԱԿԱՆ «Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ Մոսկուան կ՛ամբաստանէ Հըզպալլային հրթիռներ տրամադրելու յանցանքով:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա լուսարձակներէ հեռու հանդիպում մը ունեցած են: Հանդիպումը տեւած է չորս ժամ:

«ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ» վերլուծաբան Ատել Մալեք յայտնեց, որ կառավարութեան ծնունդը քանի մը օրէն պիտի յայտարարուի` աւելցնելով, որ այդ կառավարութիւնը պիտի ունենայ լիբանանեան համախոհութիւնը մարմնաւորող կազմ մը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Եուսեֆ Խալիլ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքները կրնան լուծուիլ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ սրտբաց խօսակցութեան հանդիպումով մը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի անդամ Վերա Եամմին յայտնեց, որ Պքերքէ ազգային եւ հոգեւոր հեղինակութիւն է: Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ երեքշաբթի օր Պքերքէի մէջ տեղի ունենալիք նիստը նոր հանգրուանի մը հիմը պիտի դնէ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով իսրայէլացի պատասխանատուէ մը, կը նշէ, որ լիբանանեան գիւղերէն Իսրայէլի դէմ արձակուելիք հրթիռներուն պարագային, Իսրայէլ ամբողջութեամբ պիտի քանդէ այն գիւղը, ուրկէ հրթիռ արձակուած է: Այս ծիրին մէջ իսրայէլացի պատասխանատուն աւելցուցած է, որ հարաւային Լիբանանի մէջ շուրջ 150 գիւղ ուղղակիօրէն թիրախ կը մնայ Իսրայէլի:

 

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆՇԵՑ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ

Յաջորդը

ՄՈՒՍԱՈՒԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԶՕՐԱՒՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.