Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնը եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան նոր նշանակուած զինուորական կցորդ, գնդապետ Ճեֆրի Սթիմսոնը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը յոյս յայտնեց, որ նոր նշանակուած զինուորական կցորդը իր ներդրումը պիտի ունենայ հայ-ամերիկեան պաշտպանական համագործակցութեան հետագայ զարգացման եւ խորացման գործին մէջ:
«Միացեալ Նահանգներու զինուորական կցորդը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` բարձր գնահատեց հայ-ամերիկեան պաշտպանական համագործակցութեան ներկայ մակարդակը եւ վստահեցուց, որ համագործակցութեան մարզին մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները շարունակական ըլլան», ըսուած է պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:


