Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Նախագահը Եւ Վարչապետը Ցաւակցական Հեռագիրներ Կը Յղեն` Իրանի Աւերիչ Երկրաշարժին Առիթով

August 15, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատին` Իրանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին առիթով: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ ինք խոր ցաւով տեղեկացած է Իրանի Արեւելեան Ատրպատական նահանգին մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին մասին, որ հարիւրաւոր մարդկային զոհերու, բազմաթիւ վիրաւորներու եւ ահռելի աւերի պատճառ հանդիսացաւ: Նախագահը իր անկեղծ վշտակցութիւնը յայտնեց զոհերու հարազատներուն եւ մտերիմներուն, ինչպէս նաեւ Իրանի բարեկամ ամբողջ ժողովուրդին: Նախագահ Սարգսեան Հայաստանի պատրաստակամութիւնը յայտնեց ցուցաբերելու անհրաժեշտ օժանդակութիւնը ողբերգութեան հետեւանքներու յաղթահարման համար:

Իր կարգին, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւս ցաւակցական հեռագիր յղեց Իրանի նախագահի առաջին տեղակալ Մոհամետ Ռեզա Ռահիմիին` Իրանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին առիթով:

Հեռագիրին մէջ վարչապետը իր եւ Հայաստանի կառավարութեան անունով խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ երկրաշարժին պատճառով զոհ գացած աւելի քան 300 մարդոց համար եւ կը խնդրէ սփոփանքի եւ կարեկցանքի խօսքեր փոխանցել զոհերու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն:

Վարչապետը հեռագիրին մէջ ընդգծեց, որ այս դժուար պահուն Հայաստանի ժողովուրդը կանգնած է եղբայրական Իրանի կողքին եւ պատրաստ է ուժերու ներածին չափով իր օժանդակութիւնը ցուցաբերելու աղէտի հետեւանքներու յաղթահարման հարցին մէջ:

Նախորդը

149 Սուրիահայ Փոքրիկներ Եւս Հայաստան Գացին Հանգստանալու

Յաջորդը

Ուքրանիա Կը Հերքէ, Թէ Զէնք Վաճառած Է Հայաստանին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.