Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ատրպատականի Զոյգ Նահանգներուն Մէջ Զգացուած Երկրաշարժէն Հայ Համայնքին Ոչ Մէկ Վնաս Հասած Է

August 14, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ատրպատականի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանէն ստացուած պաշտօնական տեղեկատուութենէ մը կ՛իմանանք, որ շաբաթ, 11 օգոստոս 2012-ի երեկոյեան Թաւրիզի եւ Ուրմիոյ մէջ զգացուած 6.2 ուժգնութեամբ երկրաշարժը, որուն կեդրոնը կը գտնուէր Թաւրիզէն շուրջ 120 քմ հեռու գտնուող Էհեր քաղաքին մէջ, ո՛չ մարդկային եւ ո՛չ ալ նիւթական վնասներ հասցուցած է Ատրպատականի հայոց թեմի զաւակներուն, բացի որոշ տուներու մէջ պատի ծեփերու թեթեւ ճաքերէն:

Թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան կապ հաստատելով Թաւրիզի, Ուրմիոյ, Կիարտապատի եւ այլ շրջաններու հայ համայնքի պատասխանատուներուն հետ, անմիջապէս տեղեկացած է հայ համայնքի զաւակներուն անվնաս դուրս գալուն մասին: Իսկ Թաւրիզի մէջ, ժողովուրդը համախմբուած է Ազգային առաջնորդարանի կանաչապատ շրջափակին մէջ, թողելով իրենց տուները, համաձայն երկրաբանական պետական կեդրոնի հրապարակած յայտարարութեան` զգուշանալու համար յետցնցումներէն:

Երկրաշարժէն քիչ անց, առաջնորդ հայր սուրբին հետ կապ հաստատած են պետական պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Իրանի խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեան եւ Իրանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Առաքելեան` հետաքրքրուելու համար երկրաշարժի վնասներով:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սարգսեան Կ՛այցելէ Սուրիահայ Պատանիներուն Հանգստեան Յատկացուած «Լուսաբաց» Ճամբարը

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Աւստրալիոյ Միջեւ Ստորագրուեցաւ Պաշտօնական Առաջին Փաստաթուղթը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.