Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ Բախումները Կը Շարունակուին. Միացեալ Նահանգներ Յոռեգոյնին Կը Պատրաստուին

August 13, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ սուրիական բանակը հաստատեց, որ ամբողջովին իր հակակշիռին տակ առած է եւ զինեալներէ պարպած է Հալէպի Սալահէտտին եւ Մաշհատ թաղամասերը, Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային խորհուրդը ամբաստանեց երկրին վարչակարգը` տասը երիտասարդ քաղաքացիներու սպանութեան յանցանքով:

Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը յայտնեց, որ սպանութիւնները կատարուած են Հոմս քաղաքի  հարաւը գտնուող Շամմաս թաղամասին մէջ, երբ կիրակի առաւօտեան, սուրիական բանակը, ռմբակոծելէ ետք շրջանը, յարձակում գործած էր թաղամասին վրայ:

Միւս կողմէ, սուրիական ազատ բանակի միացեալ ղեկավարութիւնը ամբաստանեց Իրանը` սուրիական բանակին կողքին գետնի վրայ գործողութիւններուն մասնակցելու յանցանքով, եւ սպառնաց հարուածել թէ՛ Սուրիոյ, եւ թէ՛ Իրանի վարչակարգերը:

Իր կարգին, Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը յայտնեց, որ զինեալներ Ռիֆ Տիմաշքի իր տան մէջ ահաբեկած են սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութեան Սուրիոյ լուրերու խմբագիր, լրագրող Ալի Ապպասը:

Գետնի վրայ կատարուող իրադարձութիւններէն հեռու, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ահմետ Պըն Հըլլին յայտարարեց, որ Սուրիոյ համար երէկ Ժետտայի մէջ տեղի ունենալիք արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը յետաձգուած է:

Միւս կողմէ, Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար  Հիլըրի Քլինթըն ըսաւ, որ իր երկրին հիմնական նպատակն է կասեցնել Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող արիւնահեղութիւնը եւ Ասատը իշխանութենէն հեռացնել: «Մենք մինչեւ օրս Թուրքիոյ հետ միասին կը հետեւէինք իրադարձութիւններուն, բայց հիմա պէտք է մտնել մանրամասնութիւններուն մէջ եւ լաւապէս ծրագրել յաջորդ քայլերը: Մեր գաղտնի սպասարկութիւնները եւ բանակները կարեւոր դեր ունին խաղալիք այս հոլովոյթին մէջ: Այս նպատակին համար մենք պիտի ստեղծենք միացեալ խումբ մը: Մենք յոռեգոյնին պէտք է պատրաստ ըլլանք», ըսաւ Քլինթըն:

Մինչ այդ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը կոչ ուղղեց Լա Հէյի միջազգային քրէական ատեանին առջեւ դատելու Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատը: Սակայն բացարձակապէս մերժեց Սուրիոյ դէմ զինուորական արտաքին գործողութիւններ կատարել` դիտել տալով, որ արտաքին միջամտութիւնը կը բարդացնէ հարցը` փոխանակ զայն լուծելու:

Յիշեցնենք նաեւ, որ վաղը Սէուտական Արաբիոյ Մեքքա քաղաքին մէջ կը սկսի Իսլամական երկիրներու խորհրդաժողովի կազմակերպութեան` Սուրիոյ հարցով վեհաժողովը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ:

 

 

 

Նախորդը

Եգիպտոս. Սինայի Մէջ 6 Զինեալներ Սպաննուեցան

Յաջորդը

Մուրսի Եգիպտոսի Պաշտպանութեան Նախարարը Հանգստեան Կոչելու Հրամանագիր Արձակեց

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.