Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միշել Սըմահայի Ձերբակալումը Շարունակեց Առանցքը Կազմել Օրուան Գլխաւոր Լուրերուն

August 11, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնատեղին

Բոլոր լիբանանցիները եւ տեղական թէ մերձակայ երկիրներու պատկան կողմերը շշմեցուցած` Միշել Սըմահայի ձերբակալման լուրը երէկ շարունակեց առանցքը կազմել տեղական թէ արաբական գլխաւոր լուրերուն:

Նախկին նախարար Սըմահայի դէմ տնօրինուած արգելափակումի «միջոցառումները» առաւել եւս խորացուցած էին հարցին էութիւնը` թեր եւ դէմ արձագանգներու դուռ բանալով:

Արդարեւ, արդարութեան նախարար Շեքիպ Քըրթպաուի անուղղակիօրէն «բողոքեց» ձերբակալման ոճին դէմ` պահանջելով հետապնդել անոր պատճառներն ու ծալքերը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Մոմահետ Ռաատ բուռն կերպով բողոքեց ձերբակալման ոճին եւ անոր ընկերացած տեղեկատուական «շինծու սպրդում»-ներուն դէմ: Աւելի ուշ սակայն, Հըզպալլայի մէկ աղբիւր մը յայտնեց, որ կուսակցութիւնը չ՛որդեգրեր Ռաատի կեցուածքը:

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ այս գծով վերջին խօսքը դատական պատկան մարմնին կը պատկանի եւ ան է, որ կ՛որոշէ Սըմահայի (դատական) ճակատագիրը: Շարպել այս առիթով վերահաստատեց լիբանանեան դատական իշխանութեան նկատմամբ իր վստահութիւնը:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կապի մէջ մտաւ Սըմահայի հարցով զբաղող ընդհանուր դատախազի պաշտօնակատար Սամիր Համմուտի հետ` պահանջելով ամբողջացնել Սըմահայի հետ կայացող հարցաքննութիւնները եւ վճռել, եթէ ան պէտք է զինուորական ատեան փոխանցուի կամ ոչ:

Նշենք, որ ըստ լիբանանեան օրէնսդրութեան տրամադրութեանց, Սըմահայի արգելափակման նախնական ժամկէտը կ՛աւարտի այսօր` շաբաթ առաւօտ ժամը 8:00-ին, որմէ ետք պէտք է կա՛մ վերանորոգել անոր արգելափակման նախնական հարցաքննութեան պայմանաժամը, կա՛մ ալ ազատ արձակել զայն:

Իր կարգին, Միշել Սըմահայի ձերբակալման հրամանագիրը արձակած դատախազ Սամիր Համմուտ պատկան մարմիններէն պահանջեց պատշաճ միջոցառումներ որդեգրել իր եւ իր ընտանիքի ապահովութեան հսկողութեան համար:

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի դրուատեց ներքին ապահովութեան ուժերուն դերը եւ որդեգրած քայլերը` Սըմահայի ձերբակալման գծով: Ռիֆի հետեւեցաւ այս հարցին առնչուող բոլոր անդրադարձներուն, հակազդեցութեանց եւ մանրամասնութիւններուն:

Միւս կողմէ, Ղովմի կուսակցութիւնը դատապարտեց Սըմահայի ձերբակալման քայլը` ընդգծելով, որ «որեւէ ամբաստանութիւն, որ հիմնուած է ենթադրեալ տուեալներու վրայ, անարժէք է»:

Սակայն նախքան այդ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում երեսփոխանական համախմբումի անդամ Նեպիլ Նիքոլա հարց տուաւ, թէ «արդեօք եթէ Սըմահա տիւրզի, շիի կամ սիւննի ըլլար, այս ձեւո՞վ պիտի ձերբակալուէր»: Ան քննադատեց ձերբակալման ձեւը` պահանջելով Սըմահան փոխանցել բանակի գաղտնի սպասարկութեանց բաժանմունքին, որովհետեւ «չէզոք կողմ է», իսկ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը «ապօրինի է եւ ոչ չէզոք»:

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Այցելեց Ուալիտ Ժոմպլաթի

Յաջորդը

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Քրէական Դատավարութեան Նոր Օրէնսգիրքի Նախագիծին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.