Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Բազմակի Խաղեր, Բազմակի Խնդիրներ

August 9, 2012
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական ճգնաժամի ներկայ հանգրուանին Իրանի բացայայտ ներգրաւումը պահ մը երեւութապէս երկրորդ կարգ յղեց ռուսական դերակատարութեան գործօնը, երբ մանաւանդ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ եւ գերագոյն հոգեւոր պետի ներկայացուցիչ Սայիտ Ժալիլի Դամասկոսի մէջ յայտարարեց, որ Իրան պիտի չարտօնէ դիմադրութեան առանցքին քանդումը, որուն մէկ մասն է Սուրիան:

Թեհրանի անունով յայտարարութիւն կատարելու լիազօրութիւն ունեցող բարձրաստիճան պաշտօնատարի վճռակամութիւնը այստեղ ակներեւ է: Յայտարարութիւնը ունի իր հիմնաւորումը: Խնդիրները, որոնք կը պատահին Սուրիոյ մէջ, միայն սուրիական տարողութիւն չունին, դիմադրութեան առանցքը քանդելու կը միտին եւ առ այդ ուղղուած են Ռուսիա-Իրան-Սուրիա առանցքին դէմ: Յայտարարութեան առիթը թէեւ  իրանցի 48 առեւանգեալներու խնդիրն է, այսուհանդերձ յստակ է ուղերձը, որ հակամարտութիւնները աշխարհաքաղաքական տարողունակութիւն ունին: Եւ այս պարագային Իրան ի՛րը կը սեպէ Սուրիոյ ներկայ դերակատարութեան պահպանման խնդիրը:

Այս ամբողջը իբրեւ ռազմաքաղաքական գործընթաց յստակ էր արդէն: Կարեւորը այս պարագային պաշտօնական Իրանի յստակացումն է, բարձրաձայնումը եւ դիրքերէն չզիջելու պատրաստակամութեան եւ զօրակցութեան շեշտակի յայտարարութիւնը: Ի տարբերութիւն` պաշտօնական Մոսկուայի, որ արտաքին զինուորական միջամտութիւններ ապահովելու միջազգային որոշումներ կանխարգիլող իր վեթոյի իրաւունքով համեմատաբար աւելի զուսպ եւ առերեւոյթ աւելի դիւանագիտական բնոյթի յայտարարութիւններ կը կատարէր: Թէեւ այստեղ պէտք չէ մոռնալ, որ ուղղակի Թեհրանին դէմ ոտնձգութիւն կատարուած է առեւանգեալներու հարցով:

Իրանցի առեւանգեալներու հարցը անշուշտ կը կապուի լիբանանցի առեւանգեալներու թղթածրարին: Մինչ Թեհրանի պաշտօնական ամբաստանութիւնը իր քաղաքացիներու առեւանգման առնչութեամբ կ՛ուղղուէր Ուաշինկթընին եւ Սուրիոյ հակաիշխանական ուժերուն, Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին հետեւող պատասխանատու շէյխ Ապպաս Զղէյպ իր ամբաստանութեան սլաքները ուղղակի ուղղեց դէպի Քաթար եւ յատկապէս Թուրքիա: Կարեւոր յաւելումով մը. առեւանգեալ լիբանանցիներու հարցի չլուծման պարագային, իրենց կողմէ համապատասխան «հիւրընկալութեան» պիտի արժանանան լիբանանաբնակ թուրքեր:

Անգարային ուղղուած միակ սպառնալիքը չէր այն, ինչ որ կը հնչէր Պէյրութէն: Թեհրանի զինուորական պատասխանատուներուն սպառնալիքները նման չէին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու միջնորդական առաքելութիւններ ապահովելու միտող երկխօսութեան բովանդակութեան: Իրանի զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ զօրավար Հասան Ֆիրուզ Ապատին յայտարարած էր, որ Սուրիայէն ետք հերթը Թուրքիոյ է: Զօրավարը Թուրքիան պատասխանատու կը նկատէր Սուրիոյ իրադարձութիւններուն (իմա՛ նաեւ իրանցիներու առեւանգման): Վարչապետ Էրտողանի պատասխանը չէր ուշանար. «Թուրքիան աջակցած է Իրանին այն ժամանակ, երբ բազմաթիւ երկիրներ ճնշումի ենթարկած են զայն»: Թրքական այս յիշեցումը իրանեան սպառնալիքին դիմաց մեղմ կը նկատուի: Սուրիա-Իրաք-Թուրքիա քրտական հաւանական միաւորումի մղձաւանջը առաջնային խնդիրի նշանակութիւն ունի Անգարային համար, որ նոր ճակատ դիմագրաւելու իրականութենէն փախուստ տալու խուսանաւում կը կատարէ պարզապէս: Խուսանաւումը չի փրկեր Թուրքիոյ կացութիւնը սակայն: Թրքական զօրքերուն սուրիական տարածք հերթական մուտք գործելը այս անգամ չէ վրիպած իրանեան շրջանակներու ուշադրութենէն: Առաջին անգամը չէր, որ թրքական զօրքեր կ՛երեւէին 1921-ին թուրք-ֆրանսական համաձայնութեամբ սուրիական հողերուն վրայ թրքական տարածք համարուած Ճարապլուսի մէջ: Այս անգամ իրանեան լրատուամիջոցներ փութացին հաղորդելու, որ Թուրքիան ներխուժած է սուրիական տարածք:

Ամբաստանուող կողմերը հետզհետէ յստակ են, որոնց նկատմամբ նաեւ հակակշիռ քայլեր առնելու յայտարարութիւններ կը կատարուին: Անգարայի կիրարկած բազմակի խաղերն ու խուսանաւումները հետզհետէ նեղ անկիւններու մէջ կը յայտնուին: Սուրիոյ, քիւրտերուն եւ Իրանի հետ դիմագրաւուած թղթածրարները դրացիներու հետ զերօ խնդիրներ ունենալու վարքագիծին ձախողութիւնը կ՛ընդգծեն:

Այլ ուղղութեան վրայ արձանագրուած զարգացում մը այս բոլորին հետ ուղղակի-անուղղակի կը կապուի: Պաքուն նոր է, որ կը յայտարարէ, թէ իր դեսպանութեան աշխատանքները կը դադրեցնէ Դամասկոսի մէջ: Նման որոշում մը անպայման համադրուած է աւագ եղբօր հետ, որ հաւանաբար օրին, երբ կը փակէր իր դեսպանատունը Սուրիոյ մէջ, թելադրած էր կրտսեր եղբօր սպասել եւ չաճապարել: Ազրպէյճանական դեսպանատունը հիմա փակելը մտածել կու տայ, որ որոշումը կապ ունի իրանեան ուղղակի միջամտութեան հետ, եթէ մտաբերենք նաեւ Պաքու-Թեհրան յարաբերութիւններու առնուազն ոչ սերտ -եթէ ոչ լարուած- բնոյթը:

Շրջանային հարցերուն նկատմամբ Անգարայի բազմակի խաղերը յանգած են բազմակի խնդիրներու: Դէպքերու ընթացքին տոմինոյական տեսութիւնը չի բացառեր իր խաղին ներառել անվտանգութեան գօտիներ որոնող Թուրքիան:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Գիւմրիի Քաղաքապետի Ընտրութիւններուն Համար Պաշտօնապես Առաջադրեց Յովսէփ Սիմոնեանի Թեկնածութիւնը

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ ( 10 Օգոստոս 1962 )

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.