Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 7, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ներկայացնէ Լիբանանը` Մեքքէի մէջ տեղի ունենալիք իսլամական միասնականութեան արտակարգ խորհրդաժողովին, որուն հրաւիրած է Սէուտական Արաբիա: Այս խորհրդաժողովին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մասնակցութիւնը կարելի չէ, որովհետեւ քրիստոնեաներուն Մեքքէ մուտքը արգիլուած է:

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան անվտանգութեան եւ քաղաքական հարցերու գերագոյն ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն մտահոգութիւն յայտնեց լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ 14 սուրիացի քաղաքացիներու արտայանձնումին համար:

ԵՐԷԿ առաւօտեան անծանօթներ ձեռնառումբ մը նետած են շէյխ Ռայիֆ Մալահեպի տան մօտ` Պայսուրի մէջ:

Պայթումը պատճառած է նիւթական վնասներ եւ դէպքին շուրջ անմիջապէս հետաքննութիւն բացուած է: Նշենք, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիի բնակարանը նոյնպէս կը գտնուի շէյխ Մալահեպի տան մօտ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ նշեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը դատապարտումի թիրախ կը դարձնեն կառավարութիւնը, սակայն ոչ ազգային առումով, այլ` շրջանին դէմ նիւթուող ծրագիրին դիտանկիւնէն:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն շեշտեց, որ ժամանակի ուշացումը չ՛արգիլեր, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն հետ ստորագրուած համաձայնութիւնը ջնջուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին եւ դէմ է, որ լիբանանեան պետութիւնը շանթաժի ենթարկուի հիւսիսային Լիբանանէն, Պեքաայէն թէ Պէյրութէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի արտասանած խօսքը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ յայտնեց, որ պետական վերաքննութիւնները պիտի կատարուին 24 օգոստոսին: Նշենք, որ կրթութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ պրէօվէի քննութեան արդիւնքները պիտի սկսին հրապարակուիլ յառաջիկայ շաբաթ օր, իսկ պաքալորէայի արդիւնքները` վաղուընէ սկսեալ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Ժիպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոսին հետ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Հանի Քպայսի նշեց, որ շատեր կը փափաքին լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնել իրենց կեցուածքներով եւ յայտարարութիւններով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը սերտեն Ազգային երկխօսութեան նիստին իրենց մասնակցութեան հարցը` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի դրական կեցուածքներէն ետք:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Եասին Ժապեր իր խօսքը ուղղելով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին եւ կառավարութեան ըսաւ, որ անոնք տակաւին կարիքը ունին լիբանանցիներուն վստահութեան:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ յանձնառու են իրենց միջեւ յարաբերութեան:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Քաթար այցելութիւնը ընդվզում պատճառած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին եւ Հըզպալլային:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը մեղսակից է Լիբանանի մէջ վերջերս արձանագրուած սպանութիւններուն:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը շաբաթավերջին պիտի գումարեն ընդարձակ նիստ մը` քննարկելու համար Ազգային երկխօսութեան նիստին իրենց մասնակցութեան կարելիութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆատի Աաուար շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Սիչի Օցուքան, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի կոչ ուղղեց բանակն ու ապահովական հաստատութիւնները քաղաքական լարուած բառամթերքէն զանց կացուցելու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը համամասնական դրութեան վրայ հիմնելը շատ աւելի լաւ է` աւելցնելով, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը ճշդուած թուականին պիտի գումարուի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ Հըզպալլա պատրաստ չէ զոհողութիւններ կատարելու կամ տուրքեր վճարելու, որպէսզի հակառակորդ քաղաքական կողմերը Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ Լիբանանի կացութիւնը տակաւին կ՛ենթադրէ, որ սէուտցիները չփութան Լիբանան այցելելու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ ազատագրումի ռազմավարութիւնը պաշտպանութեան ռազմավարութեան մաս կը կազմէ:

 

 

Նախորդը

«Անանի Հրաժարականը Միջազգային Դիւանագիտութեան Մեծ Ձախողութիւն Է» Ըսաւ Պըն Հըլլի

Յաջորդը

Քոնելլի. «Այնքան Ատեն Որ Պաշշար Ասատ Իշխանութեան Վրայ Է` Լիբանանի Սահմաններուն Վրայ Բռնարարքները Պիտի Շարունակուին»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.