Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

April 16, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՈՐԾԱՎԱՐ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները: Նշենք, որ Քոնելլի այցելեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նեպիլ Նիքոլա լիբանանցիները զգուշացուց Ժալ էլ Տիպի կամուրջը օգտագործելէ` շեշտելով, որ անիկա նորոգութեան կարիքը ունի եւ զայն օգտագործելը ապահով չէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ մօտիկ ապագային պիտի բացայայտուին այն փաստերը, թէ լիբանանեան քաղաքական ուժեր ուղղակի միջամուխ կ՛ըլլան Սուրիոյ դէպքերուն:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ լիբանանեան սահմանապահ ուժեր գրաւած են զէնքեր, որոնք կը փոխադրուէին Սուրիա:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն պահանջեց ճշդել իր կեցուածքները եւ արագացնել Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` շրջանցելով բոլոր դժուարութիւնները:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Միքաթիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ վստահութեան պակաս կայ:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած նախանցեալ օրուան հանդիպումին ընթացքին հանրապետութեան նախագահը մաղթած է, որ վարչապետ Միքաթի երկարաձգէ իր խորհրդակցութիւնները` իբրեւ նշան երկրին կայունութեան նկատմամբ նախանձախնդրութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի բաւարար թափանցիկութեամբ չի գործեր եւ համախմբումին հետ ուղղակի կապի մէջ չէ: Ան աւելցուց սակայն, որ լուծումը Միքաթիի հրաժարականը չէ, այլ` կառավարութեան կազմութիւնը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդանաւեր երէկ կէսօրէ առաջ թռիչքներ գործեցին Խիամի, Մերժահիունի, Հասպայայի Ժեզզինի եւ Պարուքի լեռներուն վերեւ` ոտնձգութիւններ կատարելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առումով շրջանային հովանաւորութիւն չկայ այլեւս եւ այդ պատճառով է, որ վարչապետ Միքաթի անկարող է կազմել կառավարութիւնը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթին համաձայն, Իրան կ՛օգտագործէ արաբական երկիրներուն մէջ տիրող յեղաշրջումի իրավիճակը` դէպի Լիբանան եւ Սուրիա յաւելեալ զէնք ու զինամթերք մաքսանենգելու համար:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կը փափաքէր կառավարութեան ծնունդը յայտարարել, սակայն օր մը առաջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլ անկէ խնդրած են քիչ մը եւս համբերել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Զիատ Ասուատ հաստատեց, որ վարչապետ Միքաթիի նախանցեալ օրուան կեցուածքը կը փաստէ, որ կառավարութեան կազմութեան ուշացումին պատասխանատուութիւնը ինք կը կրէ:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միասնականութիւն պլոքի անդամ, երեսփոխան Ֆատի Աաուար ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով ոչ մէկ նորութիւն կամ զարգացում կայ` նկատել տալով միաժամանակ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին յապաղումին պատճառը Միքաթիի վրայ բանեցուած արտաքին ճնշումներն են:

 

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԵՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱԿԱԴԵՄԻԱ

Յաջորդը

ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.