Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 4, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ Քըպպէյաթի մէջ բաժնուած թռուցիկները պատճառ պիտի չդառնան մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Աքքար կատարելիք այցելութիւնը յետաձգելու:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանին մէջ ելեկտրական հոսանքը երկու ժամուան համար անջատուեցաւ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, որուն հետ քննարկեց Սուրիոյ իրադարձութիւնները` նշելով, որ Դամասկոս յանձնառու էր Քոֆի Անանի առաքելութեան յաջողութեան: Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ իրենք շատ հանգիստ կը զգան Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ 14 սուրիացիներուն արտայանձնումին առումով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ հաստատեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրենց բողոքի ձայնը պիտի բարձրացնեն 14 սուրիացիներուն սուրիական վարչակարգին արտայանձնումէն ետք:  Համատէ շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի` առանց մտածելու ընտրական օրէնք մը մշակելու մասին:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Անթուան Անտրաոս խստիւ դատապարտեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմի տուած այն որոշումը, թէ 14 սուրիացի քաղաքացիներ պիտի արտայանձնուին սուրիական իշխանութիւններուն: Ան նշեց, որ Իպրահիմի այս որոշումը ոճրային արարք է, որովհետեւ այդ 14-ը մահապատիժի պիտի ենթարկուին:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել մերժեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմի դէմ դատապարտումները` յայտնելով, որ ան ամէնէն արժանապատիւ սպաներէն է:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ ելեկտրական հոսանքը մնայուն կերպով անջատելու առնչութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ Պէյրութ իսրայէլեան ներխուժումին ընթացքին ծունկի չեկաւ եւ նոյնպէս ալ ան անձնատուր պիտի չըլլայ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի ատելութեան:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի «Ախպար» օրաթերթին յայտնեց, որ կառավարութեան երէկուան նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի տեղեակ չէր 14 սուրիացի քաղաքացիներուն արտայանձնումին հարցէն:

ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Կարտիըն» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլ մտահոգ է այն իրականութենէն, որ Սուրիոյ քիմիական եւ կենսաբանական հրթիռները կրնան հասնիլ Հըզպալլայի:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներուն դէպի Լիբանան հոսքը պէտք է քննարկումի լուրջ նիւթ դառնայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի նշեց, որ սուրիացի գաղթականներուն Դամասկոսի արտայանձնումը ցոյց կու տայ, թէ կառավարութիւնը չ՛աշխատիր ի խնդիր Լիբանանի շահերուն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Լիբանանի կողմէ իրանեան առանցքին կառչած մնալը երկրին վրայ քաղաքական եւ ընկերային հսկայ տուրքեր պիտի պարտադրէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ երբ լիբանանեան բանակը ըլլայ զէնք կրող միակ կողմը, այդ պարագային է, որ մենք կ՛ընդունինք բանակին զինումը որեւէ պետութեան կողմէ, որ յայտնէ բանակը զինելու պատրաստակամութիւնը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ամալ շարժումը կը նախընտրէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն հարցէն անջատել անոր ստացած քաղաքական բնոյթը:

ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼՈՎ 14 սուրիացի քաղաքացիներուն Սուրիոյ արտայանձնումի հարցին` զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ այդ մէկը սովորական քայլ մըն է, որ կը կատարուէր նաեւ Սուրիոյ տագնապէն առաջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա հաստատեց, որ կառավարութիւնը կը ջանայ սահմանադրութեան մէջ ջնջել երկրին երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ հաստատեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Սուրիոյ վարչակարգը որոշէ Լիբանանի ընդհանուր ընթացքը: Ան Հըզպալլայէն պահանջեց իր դէմ գործուած մահափորձին առումով պահանջուած անհատը յանձնել ապահովական կառոյցներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ձախողած է` աւելցնելով, որ անիկա ինքզինք բոլոր լիբանանցիներուն դէմ զետեղած է:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի աղբիւրներ յայտնեցին, որ Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի յայտարարած բաց նստացոյցին վերջ մը տալը ամէնէն աւելի Սայտայի շահերուն ծառայած է:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ բանակը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ռմբակոծումի ենթարկեց Աքքարի Խըրպեթ Տաուտ, Պիրէ եւ Սընտիանէ գիւղաքաղաքները:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, անցեալ չորեքշաբթի օրուընէ ի վեր 18,600 սուրիացի գաղթականներ հասած են Լիբանան:

ՔԱԹԱՐԵԱՆ «Ուաթան» օրաթերթը կը գրէ, թէ Քաթարի պետութիւնը ռամատանի առիթով հիւսիսային Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն ամէնօրեայ դրութեամբ տասը հազար ճաշի բաժին կը տրամադրէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի մերժեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմի դէմ կատարուած ամբաստանութիւնները: Ան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր կողմերուն վերատեսութեան ենթարկելու իրենց ոճը:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ոչ մէկ շահ ունին Սուրիոյ տագնապը Լիբանան փոխադրելու իմաստով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմմաթիս յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապէն ամէնէն աւելի ազդուող երկիրը Լիբանանն է` աւելցնելով, որ Կիպրոս կը զօրակցի Լիբանանի որդեգրած չէզոք քաղաքականութեան, որովհետեւ զայն կը նկատէ խելացի եւ իմաստուն քաղաքականութիւն: Մաւրոմմաթիս հաստատեց, որ Կիպրոս կը մերժէ Լիբանանի մէջ որեւէ ծայրայեղութիւն:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու յայտնեց, որ 14 սուրիացի քաղաքացիներուն արտայանձնումը առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն դէմ դաւադրութիւն կը նկատուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Քաթարի դեսպան Սաատ Ալի Հիլալ Մուհաննատի երէկ ուղղուեցաւ Տոհա:

 

 

Նախորդը

Իրանի Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Բանակցութիւնները Պիտի Վերսկսին Այս Ամսուան Վերջաւորութեան

Յաջորդը

Սինիորա. «Սուրիացի Քաղաքացիներուն Արտայանձնումը Վտանգաւոր Նախընթաց Է»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.