Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ Կը Դատապարտէ 14 Սուրիացիները Արտայանձնելու Որոշումը

August 3, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ խստիւ դատապարտեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան որոշումը` 14 սուրիացիները Սուրիոյ արտայանձնելու առումով:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ այս որոշումով փաստած է, որ ինք ենթակայ է սուրիական վարչակարգին հրահանգներուն:

«Թրիփոլիի մէջ ոստիկանական սենարիոյով Շատի Մաուլաուին ձերբակալելու եւ ամբողջ Թրիփոլին բռնկեցնելու իր արկածախնդրութենէն ետք, Իպրահիմ Սուրիոյ կը յանձնէ 14 սուրիացիներ, որոնք իրենց երկրէն փախուստ տուած են եւ հասած Լիբանան. անոնց մէջ կը գտնուին նաեւ 4 քաղաքական գործիչներ», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ մերժեց սուրիական իշխանութիւններուն յանձնել ոեւէ սուրիացի քաղաքացի, որ գաղթած եւ հասած է Լիբանան: «Այլապէս` այդ արարքը կը նկատուի Սուրիոյ ենթարկուելու արարք», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ հարց տուաւ, որ եթէ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը Դամասկոսի հրահանգները պիտի կատարէ, ապա ո՞վ Լիբանանը պիտի պաշտպանէ: Ան կառավարութենէն եւ համապատասխան մարմիններէն յստակացումներ պահանջեց  այս իմաստով, ինչպէս նաեւ պահանջեց Իպրահիմի դէմ օրինական միջոցառումներ որդեգրել` հասնելով մինչեւ անոր պաշտօնազրկումը, եթէ անոր կարիքը զգացուի:

Նշենք, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան որոշումով տարբեր օրինազանցութիւններ կատարած 14 սուրիական քաղաքացիութիւն կրողներ Սուրիա ուղարկուեցան:

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը պատասխանեց Ժոմպլաթին` շեշտելով, որ նման որոշում հիմնուած կ՛ըլլայ դատական եւ ապահովական տուեալներու ու փաստաթուղթերու վրայ եւ անկէ կը բացառուին անոնք, որոնք երբ տուն ուղարկուին, կրնան հալածանքի ենթարկուիլ:

«Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան որոշումը տրուեցաւ, որովհետեւ այդ 14-ը Լիբանանի մէջ տարբեր տեսակի ապօրինութիւններ եւ օրինազանցութիւններ գործած են», նշուեցաւ տնօրէնութեան պատասխանին մէջ եւ փափաք յայտնուեցաւ այդ թղթածրարը քաղաքական պազարէն զանց առնելու:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-Ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Բանակի Հրամանատարը Կը Շարունակէ Շնորհաւորութիւններ Ընդունիլ Եւ Կը Հաստատէ Բանակին Կռուելու Բարձր Կարողութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.