Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոֆի Անան Հրաժարեցաւ. Սուրիա Թուրքիան Կ՛ամբաստանէ «Ահաբեկիչներուն» Օժանդակելու Յանցանքով

August 3, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քոֆի Անան

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան հրաժարած է իր պաշտօնէն: Ան խնդրած է Սուրիոյ մէջ իր առաքելութիւնը չերկարաձգել:

Մինչ այդ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յղեց երկու նամակներ, մէկը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, իսկ միւսը Քի Մունի. այդ նամակներուն մէջ կը նշուի, որ «Թուրքիա հիմնած է զինուորական գործողութեանց գրասենեակ մը, որ կը ղեկավարուի գաղտնի սպասարկութեանց կողմէ եւ ահաբեկիչներուն ցուցմունք կու տայ»:

Նամակը կը նշէ, որ կարգ մը կառավարութեանց կողմէ Սուրիոյ դէմ արշաւներուն եւ անոր վրայ բանեցուած ճնշումներուն նպատակը շրջանին մէջ հաւասարակշռութիւնները փոխելն ու շրջանի երկիրները արեւմտեան պետութեանց տիրապետութեան ենթարկելն է` ի վնաս ժողովրդավարութեան եւ բարեփոխութեան սկզբունքներուն:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա «Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն» հաղորդակցութեանց միջոցներ կը տրամադրեն, իսկ Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար բազմիցս յայտարարած են, որ «ահաբեկիչները կը ֆինանսաւորեն ու կը զինեն»: Նամակը կ՛ընդգծէ, որ Ուաշինկթըն յայտարարեց, որ նիւթական ուղղակի օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ ահաբեկիչներուն, որոնք սուրիացիներուն դէմ ոճիրներ կը գործեն, բան մը, որ ՄԱԿ-ի մնացեալ անդամներն ու միջազգային կազմակերպութիւնները կը հաստատեն:

Մինչ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը այսօր կը պատրաստուի Սուրիոյ հարցին վերաբերեալ արաբական բանաձեւին շուրջ քուէարկութիւն կատարելու, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ռուսիա նշեալ բանաձեւին պիտի չզօրակցի:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ նշեալ բանաձեւը Սուրիոյ տագնապի լուծման պիտի չնպաստէ, որովհետեւ անարդար կերպով իրադարձութեանց պատասխանատուութիւնը միայն կառավարութեան ուսերուն կը բեռցնէ:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ստորագրած է գաղտնի փաստաթուղթ մը, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ին եւ ամերիկեան այլ գաղտնի սպասարկութեանց թոյլ կու տայ օգնել սուրիացի ընդդիմադիրներուն:

Լրատու գործակալութիւնը փաստաթուղթի ստորագրման ճշգրիտ թուականը չի նշեր, սակայն յայտնի է, որ ատիկա կատարուած է այս տարուան ընթացքին:

Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները «զինուորական եւ հաղորդակցութեան» օգնութիւն ցոյց կու տան ընդդիմադիրներուն` Ատանայի մէջ ստեղծուած գաղտնի ռազմակայանի մը մէջ:

Այդ ռազմակայանը ստեղծուած է Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի կողմէ: Ատանա քաղաքին մօտ տեղակայուած է նաեւ ամերիկեան հակաօդային պաշտպանութեան Ինճիրլիք զօրակայանը:

Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուէն ստացած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին երկու կողմերը քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Սուրիոյ տագնապը:

«Մեհր» նաեւ կը նշէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Սալեհի սուրիական տագնապը երկխօսութեան եւ խաղաղ միջոցներով լուծելու կարեւորութիւնը շեշտած է: Սալեհի նաեւ նշած է, որ Սուրիոյ տագնապի լուծումը պէտք է առանց Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին ուժերու միջամտութեան ըլլայ:

Յորդանանեան  ապահովական աղբիւր մը «Եունայթըտ Փրես Ինթըրնեշընըլ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ երէկ արշալոյսին սուրիական եւ յորդանանեան ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած է բուռն փոխադարձ հրացանաձգութիւն մը, որուն ընթացքին լայթափներ օգտագործուած են:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա երէկ միջինարեւելեան իր շրջապտոյտին ծիրին մէջ հասաւ Յորդանան, ուր մտահոգութիւն յայտնեց սուրիական տագնապին շրջանին վրայ ունենալիք ազդեցութեան առնչութեամբ:

Փանեթա նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը, Սուրիոյ իրադարձութեանց լոյսին տակ, յորդանանեան բանակին հետ գործակցութիւնը աննախադէպ մակարդակի հասցուցած է` առ ի պատրաստութիւն «այդտեղ պատահելիք եւ անմիջական ուշադրութեան արժանի դէպքի»:

Նշենք, որ ասիկա այս շաբթուան ընթացքին իր տեսակին մէջ երկրորդ դէպքն է:

ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով գերագոյն խորհուրդի Պաքուի գրասենեակի հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի պետ Էլսար Աղայեւ ազրպէյճանական Vesti.az կայքէջին յայտնած է, որ ինք թրքական մամուլը ընթերցելով այն տպաւորութիւնը ստացած է, թէ Թուրքիա կ՛ուզէ սուրիացի գաղթականներուն մէկ մասը Ազրպէյճան ուղարկել:

Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, Սուրիան լքած թիւրքմեն շուրջ երեք հարիւր ընտանիք փափաք յայտնած են մինչեւ ճգնաժամի աւարտը բնակիլ Ազրպէյճանի մէջ: Կը հաղորդուի, որ այս հարցով Անգարա ներկայիս Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան միջոցով Պաքուի հետ բանակցութիւններ կը վարէ:

Ըստ Էլսար Աղայեւի, ներկայիս ՄԱԿ-ի գաղթականներու գերագոյն խորհուրդի Պաքուի գրասենեակին մէջ արձանագրուելու կանգնած օտարերկրացի գաղթականներուն աւելի քան 50 առ հարիւրը չեչեններ են (շուրջ 900 մարդ):

«Որմէ ետք կու գան աֆղանները, կ՛աւելնայ թիւը իրանցի քաղաքացիներուն, որոնք մեզի կը դիմեն գաղթականի կարգավիճակ ստանալու համար: Ապա իրաքցիներն են ու փաքիստանցիները», նշած է Աղայեւ:

Սակայն, ըստ Ազրպէյճանի գաղթականներու կեդրոնի ղեկավար, իրաւապաշտպան Ալիովսաթ Ալիեւի, Ազրպէյճանի մէջ արդէն իսկ յայտնուած են սուրիացի գաղթականներ:

«Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններուն պատճառով Պաքու եկած է սուրիացի-ազրպէյճանցի ընտանիք մը: Անոնք ինծի հետ կապուած են եւ յայտնած, որ դէպի Ազրպէյճան գաղթականներու հոսք կը սպասուի: Ըստ իս, կան այցելողներ, սակայն անոնք կը պահուըտին», ըսած է ան:

Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան գաղթականներու եւ անձնագիրերու արձանագրութեան գլխաւոր վարչութեան Ապօրինի ներգաղթեալներու դէմ պայքարի վարչութեան աշխատակիցները vesti.az-ին յայտնած են, որ իրենք տակաւին չեն գիտեր ինչպէս վարուիլ ապօրինի ներգաղթեալներուն հետ, եթէ նմանները երկրին մէջ յայտնուին:

«Անկեղծօրէն, մենք չենք գիտեր Սուրիայէն եկածներուն հետ ինչպէս վարուիլ, որովհետեւ անցեալին Սուրիայէն ապօրինի ներգաղթեալներու յայտնաբերման պարագային զանոնք կ՛ուղարկէին Պոլսոյ թռիչքով, սակայն այն բանէն ետք, երբ 22 յունիսին սուրիական հակաօդային պաշտպանութիւնը Միջերկրական ծովուն մէջ ոչնչացուց թրքական «Էֆ-4» կործանիչը, Թուրքիան դադրեցուցած է դրացի երկիր թռիչքները: Իսկ երրորդ երկիրներ ուղարկելու իրաւունք չունինք: Եթէ նման իրավիճակ ստեղծուի, մենք հաւանաբար բանակցութիւններու պիտի սկսինք այն երկիրներուն հետ, որոնք Սուրիոյ հետ այցեգրային դրութիւն չունին», յայտնած են անոնք:

Ապահովական գետնի վրայ սուրիական բանակը երէկ շարունակեց Հալէպի մէջ զօրքեր կուտակել: Սուրիական զինուորական աղբիւրներ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Հալէպի վճռական ճակատամարտի ժամկէտը մօտ է: Մինչ այդ, սուրիացի ընդդիմադիրները ռմբակոծեցին Հալէպի մօտ գտնուող Մանկ զինուորական օդակայանը: Այլուր սուրիական օդուժը վնասազերծեց ընդդիմադիր ուժերուն պատկանող երկու հրասայլեր, որոնք ռմբակոծում կը կատարէին:

 

 

Նախորդը

Տաւութօղլու Եւ Պարզանի Սուրիոյ Մէջ Իշխանութեան Բացը Շահագործելու Փորձերը Դիմակայելու Համաձայնութիւն Կը Գոյացնեն

Յաջորդը

«Ժողովուրդին Կամքը Կարելի Չէ Բռնի Ուժի Ենթարկել» Շեշտեց Ապատի

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.