Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ Կ՛ուզեն Յառաջխաղացք Տեսնել» Կ՛ըսէ Կորտըն

August 2, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆիլիփ Կորտըն

30 յուլիսին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած կլոր սեղանի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գործերով օգնական Ֆիլիփ Կորտըն լրագրողներուն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ շահագրգռուած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ յառաջխաղացքով:

Հանդիպումին ընթացքին մասնաւորաբար քննարկուած են Սուրիոյ եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան առնչուող հարցեր:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Կորտըն նշած է, թէ այլ հարցերու կողքին, թրքական կողմին հետ յաճախ կը քննարկուին Կովկասի իրավիճակի եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցերը:

Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան առնչութեամբ լրագրողներէն մէկը ըսած է. «Ամէն անգամ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան մասին հարց ծագելու պարագային կը լսենք, որ արտաքին գործոց նախարար Քլինթըն ուշի ուշով կը հետեւի եւ այդ մասին խօսած է իր գործընկերներուն հետ: Իսկ ան ի՞նչ կը խօսի: Յատկապէս ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգներ կ՛անհանգստանայ»: Ի պատասխան Կորտըն նշած է. «Ան շատ ուշադիր կը հետեւի, եւ ես կը կարծեմ, որ Թուրքիա կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին ան բաւական յստակ կերպով շօշափեց այդ հարցը: Ան հրապարակաւ յայտարարեց, որ Թուրքիան, ինչպէս նաեւ մնացեալ երկիրները, չեն կրնար իրենց պարտականութիւնները կատարել տեղեկատուութեան ազատ հոսքի բացակայութեան պայմաններուն մէջ, եւ որ երկիրները աւելի ուժեղ են, երբ կայ ազատ խօսքի կարելիութիւն. ճիշդ ատոր վրայ հիմնուած է Միացեալ Նահանգներու համակարգը: Ան (Քլինթըն) թուրք գործընկերներուն հետ անձնական հանդիպումներու ընթացքին յստակօրէն կը խօսի այդ մասին, եւ ատիկա Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի եւ ամերիկեան հասարակութեան խոր համոզումն է»:

Նախորդը

Տնտեսութեան Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Աջակցելու Դէպի Սուրիա Լրացուցիչ Թռիչքներու Իրականացման

Յաջորդը

Չինական Ռազմարուեստին Նուիրուած Գիտաժողով` Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մէջ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.