Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Իր Թեկնածուն Կ՛առաջադրէ Գիւմրիի Քաղաքապետական Ընտրութեանց

August 1, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գէորգ Ալեքեան եւ Յովսէփ Սիմոնեան

ՀՅԴ Շիրակի մարզային կոմիտէն նախանցեալ օր պաշտօնապէս յայտարարեց, որ համայնքներուն մէջ թեկնածուներ պիտի առաջադրէ 9 սեպտեմբերին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն համար: ՀՅԴ-ն թեկնածուներ պիտի առաջադրէ 11 համայնքներու մէջ եւ մէկ համայնքին մէջ պիտի սատարէ անկուսակցական թեկնածուի մը:

Գիւմրիի քաղաքապետի ընտրութիւններուն ընթացքին Դաշնակցութիւնը պիտի առաջադրէ Յովսէփ Սիմոնեանի թեկնածութիւնը: ՀՅԴ Շիրակի մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Ալեքեան յայտարարեց, որ այս որոշումը ընդունեց կուսակցութեան Գիւմրիի կառոյցի ներկայացուցչական ժողովը:

Սիմոնեան Շիրակի մարզի մարզպետարանի տնտեսական վարչութեան պետի տեղակալն է: Ան առաջադրուած էր նաեւ 2005-ին քաղաքապետի ընտրութիւններուն համար, սակայն ինքնաբացարկ ներկայացուցած էր:

Պարզաբանելով իր որոշումը, Սիմոնեան նշեց, որ ինք ցանկութիւն չէ ունեցած այդ մթնոլորտին, այդ իրավիճակին մէջ մասնակցիլ այդ ընտրութիւններուն: Ըստ անոր, առաջին կարեւոր խնդիրներէն մէկը այն էր, որ իրապէս այդ ընթացքին չապահովուեցաւ այն քաղաքակիրթ քարոզարշաւը, զոր ինք կը պատկերացնէր:

Ան շարունակեց, որ այս անգամ իրենք մինչեւ վերջ պիտի երթան:

Ան ինքզինք այլընտրանքային թեկնածու նկատեց:

Յառաջիկայ ընտրութիւններուն շուրջ ստեղծուած լարուածութիւնը Դաշնակցութեան թեկնածուն բնական նկատեց: «Պէտք է լարուած ըլլար: Գաղտնիք չէ, որ կան նախագահական ընտրութիւններ: Իմ կարծիքովս,  Գիւմրիի տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններուն այսքան կարեւորութիւն ընծայելը կապուած է նաեւ նախագահական ընտրութիւններուն հետ: Եւ ատիկա կը խանգարէ իրականութեան մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ մեր բնակչութեան աւելի ճիշդ մօտեցման եւ իր ընտրութիւնը աւելի ճիշդ ընելուն»:

Քաղաքապետ ընտրուելու պարագային ՀՅԴ թեկնածուն նախ եւ առաջ պիտի փոխէ «քաղաքի մթնոլորտը»: «Եթէ ատիկա չփոխուի, հաւատացէ՛ք ինծի` ինչպիսի ծրագիրներ ալ ներկայացուին, այս քաղաքին մէջ որեւէ բան պիտի չփոխուի: Եթէ մթնոլորտը չփոխուի, ես վստահ կրնամ ըսել, որ չըլլար անձ մը, որ ի վիճակի պիտի ըլլայ մինակը այս խնդիրները լուծելու»:

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղը Պետութիւն Մըն Է, Որ 20-Ամեայ Անկախութիւն Ունի» Կը Հաստատէ Ուրուկուէյական Թերթ Մը

Յաջորդը

Հալէպի Հայ Երիտասարդութիւնը Օգնութեան Կը Փութայ Սուրիացի Արաբ Հայրենակիցներուն

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.