Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սլէյման Հարիրիի Հետ Քննարկեց Սայտայի Իրադարձութիւնները

July 30, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման եւ երեսփոխան Հարիրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց Սայտայի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սայտայի քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, երէկ Սայտայի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սայտայի ազդեցիկ դէմքերու ընդարձակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ, թէ Սայտայի մէջ յայտարարուած այսօրուան գործադուլը յետաձգուած է` ընդառաջելով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ներքին գործոց նախարարին`  շէյխ Ահմետ Ասիրի հետ յաւելեալ բանակցութիւններու առիթ տալու նպատակով:

Սայտայի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած այս ընդարձակ նիստէն ետք գործադուլը 48 ժամով յետաձգելու որոշումը կարդաց Սայտայի առեւտրականներու միութեան նախագահ Ալի Շերիֆ:

Այս մասին խօսելով` Նասըրական շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ շէյխ Ասիրի միջեւ գաղտնի բանակցութիւններուն պատճառով է, որ այսօրուան գործադուլը յետաձգուած է:

Սաատ մերժեց այն պատճառաբանութիւնները, թէ այդ գործադուլին յետաձգումը կատարուած է ընդառաջելով վարչապետին եւ ներքին գործոց նախարարին փափաքին:

Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր երէկ յայտնեց, որ իրենք կը խորհրդակցին Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրիի հետ` աւելցնելով, որ իրենք կառչած կը մնան բաց նստացոյցին ու երբեք չեն փափաքիր ենթարկուիլ սպառնալիքներուն եւ իրենց դէմ գործուող շանթաժին, որուն նպատակն է Սայտայի դէմ սադրանքներ նախապատրաստել:

«Ապահովութեան ուժերուն եւ մեր միջեւ բախում պատճառելու նպատակով կատարուած փորձերը պիտի չյաջողին, հակառակ անոր որ մենք որոշ վերապահութիւններ ունինք մեր համակիրներուն դէմ կարգ մը ապահովական ուժերու վարուելակերպին առումով», ըսաւ շէյխ Ասիր:

Իր կարգին, Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի Լիբանանի կառավարութիւնը եւ ապահովական կառոյցները պատասխանատու  գտաւ Սայտայի մէջ կացութեան բարդացումին:

Նշենք, որ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ ապահովութեան յանձնախումբը որոշած է շրջափակել Սայտայի մուտքին կատարուող շէյխ Ասիրի յայտարարած բաց նստացոյցը` արգիլելով անոր ընդարձակումը: Ան աւելցուց նաեւ, որ եթէ կառավարութեան փոփոխութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ Թրիփոլիի եւ Սայտայի միջադէպերը լուծելու, ապա կարելի է փոխել կառավարութիւնը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆատի Աուար յայտնեց, որ պէտք է վերջ տալ շէյխ Ահմետ Ասիրի նստացոյցին եւ հանգստութիւն պարգեւել Սայտայի բնակչութեան:

 

Նախորդը

Լիբանանցիները Առեւանգող Պատասխանատուն Կը Հաստատէ, Որ Առեւանգուողները Լաւ Են Եւ Յարմար Առիթին Տուն Պիտի Վերադառնան

Յաջորդը

Սպանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Օրինագիծի Քննարկումը Յետաձգուած Է

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.