Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահական Ընտրութիւններուն 66.70 Առ Հարիւրով Կը Յաղթէ Բակօ Սահակեան

July 21, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններու նախնական տուեալներով 66.70 առ հարիւրով յաղթանակ արձանագրած է Արցախի գործող նախագահ Բակօ Սահակեան:

Երկրորդ տեղը յայտնուած է Վիթալի Բալասանեան, որ, ըստ նախնական տուեալներուն, դեռ հաւաքած է ընտրողներու 32.50 առ հարիւրին վստահութեան քուէն, իսկ Հայաստանի գիւղատնտեսական համալսարանի Արցախի մասնաճիւղի ուսումնական գծով փոխտնօրէն Արկադի Սողոմոնեան նախնական տուեալներով հաւաքած է 0.84 առ հարիւր ձայն:

Ընտրութիւններու աւարտին Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը արձանագրած էր ընտրողներու 73 առ հարիւր մասնակցութիւն:

Շնորհաւորական Ուղերձներ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Արցախի վերընտրուած նախագահ Բակօ Սահակեանին. «Ձեր համոզիչ յաղթանակը ընտրութիւններուն վերահաստատումն է Արցախի ժողովուրդի պատմական ընտրութեան եւ անշրջելի ընթացքի` դէպի քաղաքական ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ ազգային ու համամարդկային արժէքներու վրայ հիմնուած հասարակութիւն: Ասիկա Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան ընդհանուր ճամբան է: Մենք զայն անցած ենք եւ կ՛անցնինք միասին», ըսաւ նախագահ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ:

Շնորհաւորական ուղերձ յղեց նաեւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս: Ան մասնաւորաբար նշեց, որ «վստահ ենք, որ հայրենասէր ու ազգասէր նոյն ոգիով եւ պետական գործունէութեան մէջ հարուստ փորձառութեամբ պիտի շարունակէք ձեր գովարժան գործունէութիւնը` յանուն մեր ժողովուրդի նոր յաղթանակներու եւ ձեռքբերումներու կերտման, Արցախի միջազգային ճանաչման ու անշրջելի յառաջընթացին»:

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշեց, որ վերընտրուելով պետութեան ղեկավարի պաշտօնին վրայ` Սահակեան պիտի շարունակէ Արցախի պետականութեան ամրապնդման ու յառաջընթացին ուղղուած քայլերու իրականացումը:

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան իր կարգին շնորհաւորական ուղերձի մը մէջ նշեց. «Արցախի ժողովուրդը անգամ մը եւս ձեզի վստահեցաւ իր ապագան, անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովումը, զարգացումն ու հզօրացումը: Ձեր կեանքի ամբողջ ընթացքը անմնացորդ պայքար է յանուն Արցախի ազատագրման եւ անկախ պետականութեան հզօրացման»:

 

 

 

Նախորդը

Համանախագահները Կ՛ընդունին, Որ Լեռնային Ղարաբաղ Կը Փորձէ Ժողովրդավար Կերպով Կազմակերպել Հանրային Կեանքը

Յաջորդը

Խմբագրական. Արցախի Օրինակով

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.