
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու 25 յուլիսին տեղի ունենալիք Ազգային երկխօսութեան նիստին նախապատրաստութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի: Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակի հրամանատարութեան որդեգրած միջոցառումները` Լիբանանի սահմանները պահպանելու նպատակով:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն:


