Սուրիոյ պատկերասփիւռի պետական կայանը երէկ սփռեց Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած եռանդամ ահաբեկչական բջիջի մը վկայութիւնները, որոնք կը վերաբերէին զիրենք դրամով եւ զէնքով օժտող կողմերուն ու անոնց տրամադրած ահաբեկչական ծրագիրներուն:
Սուրիոյ մէջ քաոսային վիճակ ստեղծելու յանցանքով ձերբակալուած քաղաքացիները պատկերասփռուած յայտարարութիւններու ընթացքին յայտնեցին, որ իրենք զէնք ու զինամթերք ստացած են արտաքին կողմերէ, ինչպէս` Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատուներէն, յատկապէս նշելով Նախ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ժամալ Ժարրահի անունը` աւելցնելով, որ Ահմետ Ուտա անունով անձ մըն էր իրենց եւ Ժարրահի միջեւ կապը:
Ահաբեկիչները իրենց խոստովանութիւններուն ընթացքին շեշտեցին, որ իրենք ստացած են ատրճանակներ, արձակազէններու յատուկ գնդացիրներ, ձեռնառումբեր եւ արդիական բջիջային հեռախօսներ, որպէսզի կարենան սուրիացի ժողովուրդը հրահրել` երկրին վարչակարգին տապալումը պահանջող ցոյցեր կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ ժողովուրդը հրահրելու ապահովական ուժերուն դէմ:
Ահաբեկչական այդ բջիջին նախագահն է Անաս Քանժ, իսկ միւս երկու անդամներն են` Մոհամետ Պատրել Քալամ եւ Մոհամետ Ահմետ Սուխնա:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ ԵՒ ԺԱՐՐԱՀ ԿԸ ՀԵՐՔԵՆ
Մուսթաքպալ հոսանքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կտրականապէս հերքեց սուրիական պատկերասփիւռի կայանին կողմէ սփռուած այդ «վկայութիւնները», որոնք Մուսթաքպալի եւ երեսփոխան Ժամալ Ժարրահի դէմ հնչած էին:
Մուսթաքպալ հոսանքի պլոքը սուտասանութիւն անուանեց այդ յայտարարութիւնները` շեշտելով, որ անոնք կը միտին լիբանանեան-սուրիական եղբայրական յարաբերութիւնները խանգարել:
Միւս կողմէ, Նախ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին կտրականապէս հերքեց այդ տեղեկութիւնները` զանոնք կոչելով շինծու յայտարարութիւններ, որոնք հրահրուած են Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ:
Ժարրահ յայտնեց, որ իբրեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժեր իրենք կը պաշտպանեն Լիբանանի մէջ սուրիական միջամտութիւնները մերժող ուղեգիծը, հետեւաբար` իրենք իրենց կարգին չեն փափաքիր միջամտել Սուրիոյ հարցերուն:
Ժարրահ յայտնեց, որ իրենց դէմ նիւթուած այս բեմագրութիւնը կը միտի լուսարձակները շեղել այլ հարցերէ:
«Մենք ո՛չ կարողութիւն եւ ո՛չ ալ նպատակ ունինք միջամտելու Սուրիոյ հարցերուն, ընդհակառակն` մենք յանձնառու ենք Սուրիոյ ապահովութեան եւ կայունութեան: Հետեւաբար այս բեմագրութիւնը գաղտնի սպասարկութեան կողմէ նիւթուած անհեթեթ եւ անարժէք փորձ մըն է», ըսաւ ան:


