Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԱԽՆԱՅ ՍՓԻՒՌՔԷՆ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

April 14, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանին ընթացքին արտասանած իր խօսքէն ետք պատասխանած է վեհաժողովի հայաստանեան պատուիրակութեան անդամի մը Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն եւ Կարսի մէջ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւնը խորհրդանշող արձանի քանդումին կապուած հարցումներուն:

Ընդգծելով, որ թրքական կողմը բազմաթիւ անգամներ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կոչ ուղղած է` կատարելու իր վրայ դրուած պարտականութիւնները, Էրտողան յայտարարած է. «Եթէ Մինսքի խմբակը կատարէ իր պարտականութիւնները, մենք պիտի հասնինք խնդիրի լուծման: Իսկ իր պարտականութիւնը չիրականացնելու պարագային լուծումը կը դժուարանայ: Երկրիս մէջ 70 հազար հայ քաղաքացի կ՛ապրի: Կ՛ապրին նաեւ 40 հազար հայեր, որոնք քաղաքացիներ չեն: Մենք զանոնք Հայաստան չենք ուղարկեր, կը պահենք մեր երկրին մէջ: Եթէ ուզենք` ետ կ՛ուղարկենք: Անոնք մեր երկիրը եկած են կարիքի պատճառով»:

Խօսելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն մասին` Էրտողան ակնարկած է, որ հայկական կողմը արձանագրութիւններու հարցին մէջ վճռական քայլերու չի դիմեր, որովհետեւ կը վախնայ հայկական սփիւռքէն: «Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը վախնայ սփիւռքէն: Մենք որեւէ մէկէն չենք վախնար: Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները յաղթահարեն սփիւռքէն ունեցած իրենց վախը, խնդիրը լուծելը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ: Մենք Հայաստանի նկատմամբ ատելութիւն չենք տածեր»:

 

 

 

Նախորդը

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՍԼՈՎԵՆԻԱՅԷՆ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.