Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամետեարով Թերահաւատ Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Գործունէութեան Նկատմամբ

July 17, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ԱՓԱ լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին  անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութեան` դժգոհութիւն յայտնած է. «Ի յայտ եկաւ, որ Մինսքի խմբակի 20-ամեայ միջնորդական առաքելութիւնը ապարդիւն է: Ազրպէյճանական հողերը տակաւին բռնագրաւուած կը մնան, եւ շուրջ մէկ միլիոն գաղթականներ եւ բռնի տեղահանուածներ տակաւին չեն կրնար վերադառնալ հարազատ բնօրրան»:

Էլմար Մամետեարով քննադատած է նաեւ սթաթիւս քոյի իրավիճակը: Ան յատկապէս դիտել տուած է, որ այս իրավիճակի պահպանումը կրնայ շրջանին մէջ յանգեցնել «անորոշութեան շարունակութեան, անկանխատեսելիութեան եւ վտանգներու»:

Մեկնաբանելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի այս յայտարարութիւնը, որ կատարուած է Մինսքի խմբակի համանախագահներուն շրջանային այցելութեան առիթով, Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախկին նախարար Արման Մելիքեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է. «Իրականում, ինչ խօսք, պարոն Մամետեարովի ասածը ճշմարիտ չէ: Շնորհիւ Մինսքի խմբի համանախագահների գործունէութեան, կարգաւորման գործընթացը տեղից շարժւում է, ցաւօք սրտի` ոչ ի նպաստ հայկական կողմի: Եւ այդ առումով ազրպէյճանական կողմը պարզապէս հզօրացնում է իր ճնշումը համանախագահների վրայ` սթաթիւս քոն փոփոխելու ներքին պահանջ ներկայացնելով: Այսինքն` այդ դժգոհութիւնը դրանով է պայմանաւորուած»:

Մամետեարով այդ հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է նաեւ  բազմակողմանի խաղաղութեան համաձայնագիրին. «Մինսքի խմբակի անդամ երկիրներու ղեկավարները բացէ ի բաց յայտարարած են, որ անընդունելի է շրջանին մէջ սթաթիւս քոյի պահպանումը: Երեք համանախագահող երկիրներու առաջարկները` մատրիտեան սկզբունքներու հիման վրայ, ներկայացուած են կողմերուն: Այս առնչութեամբ Ազրպէյճան յայտնած է բանակցութիւնները շարունակելու պատրաստակամութիւն, որոնց կարգին նաեւ բազմակողմանի խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ»:

Էլմար Մամետեարով նաեւ դիտել տուած է, որ հայկական կողմը չէ ընդունած այդ առաջարկը:

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախկին նախարար Արման Մելիքեան այս գծով ըսած է. «Ձեւակերպումը բաւական անորոշ է: Ազրպէյճանի միակ առաջարկը հետեւեալն է` հայկական զինուժ Արցախում եւ շրջակայ տարածքներում պէտք չէ լինի: Դրանից յետոյ բոլոր հարցերը ինքնաբերաբար կը լուծուեն: Այդ տեսանկիւնից ազրպէյճանական մօտեցումը, ի հարկէ, առաւելապաշտական է եւ անիրագործելի: Ես կարծում եմ, որ սթաթիւս քոյի այս իրավիճակը, որով մտահոգ է պարոն Մամետեարովը, դեռեւս կը շարունակուի»:

 

Նախորդը

Անիի Աւերակները Զբօսաշրջիկներուն «Հազար Ու Մէկ Գիշերներու» Օրինակո՞վ Պիտի Ներկայացուին

Յաջորդը

Նախագահ Սահակեան Այցելեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Գրասենեակ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.