
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տեն Փիթըրի գլխաւորած նախարարական պատուիրակութիւնը եւ Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Տանիէլ Թենըսին:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Թալալ Սահիլին եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանը:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժորժ Խուրի:


