Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան բարգաւաճման վերաբերող հարցեր: