Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Նոր Վարչակազմը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Քրէականացնող Օրէնքին «Յարութիւն» Պիտի Չտայ

July 7, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տաւութօղլու եւ Ֆապիւս

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս հինգշաբթի օր պաշտօնական այցելութեամբ Փարիզ գտնուող իր թուրք պաշտօնակից Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ դժուար թէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին «յարութիւն տրուի»:

«Անկարելի է նոյն ճամբուն վրայ մնալ: Այլապէս, արդիւնքը յստակ է` նոյնը պիտի ըլլայ», ըսած է Ֆապիւս:

Թուրքիա անցեալ ամիս յայտնած էր, որ պիտի վերցնէ այն բոլոր պատժամիջոցները, զորս սահմանած էր Ֆրանսայի դէմ, երբ այդ երկրի խորհրդարանի երկու տուները որդեգրած էին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը օրէնքը «խօսքի ազատութիւնը սահմանափակող նկատած էր:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ իր նախընտրական պայքարին ընթացքին ըսած էր, որ անձամբ այդպիսի օրինագիծի ներկայացման պիտի նախաձեռնէ եւ պիտի հետեւի ատոր որդեգրման:

Ֆապիւս նշած է, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ, Աֆղանիստանի, Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումներուն եւ Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութեանց հարցերը, ինչպէս նաեւ առեւտրական եւ մշակութային հարցեր:

«Անկայուն շրջանի մը մէջ, մեր դաշնակից Թուրքիան անհրաժեշտ դերակատար մըն է եւ կայունութեան ազդակ մը», ըսած է ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով, որ Սուրիոյ շուրջ երկու երկիրներուն տեսակէտները շատ մօտ են:

Ֆապիւս նշած է, որ «ֆրանսական կառավարութիւնը նախկին կառավարութենէն ժառանգուած շարք մը հարցեր կը քննէ»: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը հանրաքուէի պիտի դրուի: «Ի վերջոյ հարցը ժողովուրդին որոշումէն կախեալ պիտի ըլլայ», յայտարարած է ան:

Նշենք, որ Հոլլանտ նախընտրական շրջանին ըսած էր. «Ատիկա յառաջիկայ 5 տարիներուն ընթացքին տեղի պիտի չունենայ»:

Տաւութօղլու իր կարգին յայտնած է, որ ինք Փարիզ այցելեց «նոր ժամանակաշրջան մը» սկսելու համար` նշելով, որ թուրք-ֆրանսական դիւանագիտական յարաբերութիւնները միջազգային դիւանագիտութեան համար կարեւոր են:

Ան աւելցուցած է, որ յարաբերութիւնները յառաջ մղելու կարողականութիւն գոյութիւն ունի, եւ իրենք երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ծաւալը կը ձգտին 15 միլիառ տոլարի հասցնել:

Տաւութօղլու շեշտած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ ուրախ պիտի ըլլայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը Թուրքիոյ մէջ հիւրընկալելու:

Ան դիտել տուած է, որ Թուրքիա վերցուցած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին պատճառով Ֆրանսայի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները, իսկ Ֆապիւս հրամայած է Պորտոյի եւ Նանթի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանները բանալու համար անհրաժեշտ գործողութիւնները ամբողջացնել:

Նախորդը

Ժընեւի Մէջ Ցեղասպանութեան Առնչուող Հարցեր Քննարկուած Են

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհուրդը Կը Սկսի Հայաստանի 2012-2014-ի Գործողութիւններու Ծրագիրին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.