Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Նշեց Սահմանադրութեան Օրը

July 6, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ երէկ նշուեցաւ երկրի հիմնական օրէնքի` սահմանադրութեան օրը:

1995 թուականին տեղի ունեցաւ սահմանադրական հանրաքուէ, որուն իբրեւ հետեւանք ընդունուեցաւ գործող սահմանադրութիւնը, իսկ 10 տարի ետք` 2005 թուականին սահմանադրութեան վրայ կատարուեցան փոփոխութիւններ եւ լրացումներ:

Սահմանադրութեան օրուան առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը, որուն մէջ նշեց. «5 յուլիսը մեր նոր պետականութեան կարեւորագոյն տօներէն է, որով մենք մեր նուիրուածութիւնը կ՛արտայայտենք Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնական օրէնքին մէջ ամրագրուած արժէքներուն եւ իտէալներուն»:

«Մեր սահմանադրութեան կարեւոր առաքելութիւնը հասարակական համերաշխութեան ապահովումն է, որուն չենք կրնար հասնիլ առանց օրէքի գերակայութեան եւ սահմանադրական իրաւունքներու անվերապահ յարգումին», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան` աւելցնելով. «Այստեղ պէտք է խոստովանինք, որ ունինք խնդիրներ: Ակնյայտ է, որ սահմանադրութեամբ հռչակուած ժողովրդավարական արժէքները, որոնց շարքին` անկախ որեւէ յատկանիշէ օրէնքին առջեւ բոլորին հաւասարութեան սկզբունքը, առօրեայ կեանքին մէջ պէտք է անվերապահօրէն դրուին մեր հասարակութեան եւ պետութեան մէջ առկայ հակասութիւններու լուծման հիմքին մէջ»:

«Միայն քաղաքացիական հասարակութեան հետ արդիւնաւէտ կապի մէջ պետութիւնը կրնայ դառնալ իրապէս ժողովրդավարական եւ կառուցել քաղաքակիրթ հասարակարգ, որուն մէջ ազատութիւնը եւ հասարակական կարգը լիովին հաւասարակշռուած են: Հասարակական համերաշխութեան համար պատասխանատու ենք բոլորս, հասարակութեան բոլոր շերտերը, եւ բոլորիս պարտքն է միացեալ ջանքերով օր առաջ վերացնել հռչակուած արժէքներուն եւ իրականութեան միջեւ առկայ խզումը: Այս ճամբուն վրայ մեր ամէնէն յուսալի յենարանը դարձեալ սահմանադրութիւնն է` անոր տառն ու ոգին», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ:

 

 

Նախորդը

Տաւութօղլու Փարիզ Կը Մեկնի. Թուրքիա Կը Յուսայ Ֆրանսայի Հետ Յարաբերութիւնները Նախկին Մակարդակին Հասցնել

Յաջորդը

Դաւիթ Շահնազարեան Դուրս Եկաւ Հայ Ազգային Քոնկրեսէն

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.